Հայկական-Միջազգային Գործարար Համաժողով Փարիզի Մէջ
Հայկական-միջազգային գործարար համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 16 Ապրիլի 2016-ին Westin Paris-Vendôme հիւրանոցին մէջ:
Համաժողովին նպատակն է նոր որակ տալ ամբողջ աշխարհի հայերու մի-ջեւ գործարար յարաբերութիւններուն:
Յաջող փորձով եւ պատմութեամբ շուրջ հարիւր գործարարներ պիտի հանդիպին Փարիզի մէջ հիմը դնելու Հայկական գործարար գործակալութեան (Armenian Business Agency), որ պիտի սկսի գործել Փարիզի մէջ համաժողովի յաջորդ աշխատանքային օրն իսկ՝ Ապրիլի 18-ին եւ որուն նպատակը պիտի ըլլայ՝
- Ստեղծել ամբողջ աշխարհի մէջ գործող հայ գործարար անհատներու ու հայապատկան ընկերութիւններու տուեալներու հիմքը,
- Ամրացնել հայ գործարարներու ցանցը,
- Ստեղծել կապեր եւ համագործակցութիւն հայ գործարարներու կամ ընկերութիւններու ղեկավարներու միջեւ,
- Ներգրաւել բարձր արժէք ունեցող նոր կամ արդէն գոյութիւն ունեցող գործարար ծրագիրներ, ուսումնասիրել զանոնք եւ նպաստել անոնց զարգացման,
- Գտնել անհրաժեշտ ֆինանսաւորում այդ ծրագիրներուն համար,
- Նոր գործարար հնարաւորութիւններ առաջարկել ձեռնարկատէրերուն՝ տարբեր ոլորտներու ու աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ,
- Աջակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու զարգացման ծրագիրներուն:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ հայկական կառոյց մը բարձրորակ մասնագէտներու մասնակցութեամբ կը ստեղծէ գործարար աշխարհին նուիրուած գրասենեակ մը, որուն նպատակն է աշխատիլ տարբեր զարգացման նախագիծերու վրայ:
Այս գործակալութիւնը բաց պիտի ըլլայ բոլորի համար՝ թէ՛ անհատներու եւ թէ՛ ընկերութիւններու, քանի որ մեծերն ու նուազ մեծերը, ծրագիրներու հեղինակներն ու ներդրողները միասին հայ գործարար համայնքը աւելի կազմակերպուած եւ հզօր կրնան դարձնել:
Այս հայկական կառոյցը բացառապէս հայկական ուղղութիւն չունի, քանի որ մէկ կողմէ գործարարութիւնը ազգային սահմաններ չի ճանչնար, իսկ միւս կողմէ՝ հայերը միշտ ապրած եւ աշխատած են բաց միջավայրերու մէջ:
Փարիզի Հայկական միջազգային գործարար համաժողովը եւ Հայկական Պիզնէս գործակալութիւնը (Armenian Business Agency) բազմաթիւ հայ տնտեսվարողներու ցանկութեան իրականացումն են, որոնք՝ անկախ անհատական գործարարական զարգացումէն, պիտի նպաստեն նաեւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համայնքներու զարգացման:
Համաժողովի ծրագիրը հետեւեալն է՝
- Հայ-գործարար ցանցի ամրացում
- Բարեսիրական գործարարութիւնը
- Ներդրումային հիմնադրամի ստեղծում
- 150 միլիառնոց գործարարութեան ծաւալ եւ ինչպէ՞ս գրաւել
- Բարձր արժէքային ներդրումային նախագիծերու ներկայացում
- Քսան երկիրներէ ժամանած գործարարներ պիտի մասնակցին այս համաժողովին: Եթէ դուք եւս գործարար էք, ձեռներէց կամ գործադիր ղեկավար, դուք նոյնպէս կրնաք մասնակցիլ համաժողովին նախապէս արձանագրուելով:
Նոր ծրագիրներու հեղինակները կրնան ներկայացնել իրենց նախագիծերը: Ընտրուած նախագիծերը պիտի ներկայացուին համաժողովի մասնակիցներուն եւ Le Cercle d’Affaires-ի այլ ներդրողներու ուշադրութեան: