ՕԼԱՆՏ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ CCAF-Ի ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ այս Հինգ­շաբ­թի՝ Յու­նուա­րի 28-ի ե­րե­կո­յեան Փա­րի­զի մէջ պի­տի մաս­նակ­ցի Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի (CCAF) տա­րե­կան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քին։ Է­լի­զէի պա­լա­տի աղ­բիւր­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տե­ցին, թէ Օ­լանտ պի­տի մաս­նակ­ցի սոյն հա­ւա­քոյ­թին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Քո­լէք­սիո­նէօր» պան­դո­կին մէջ։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Օ­լանտ ան­ցեալ տա­րի եւս մաս­նակ­ցած էր այս տա­րե­կան ընթ­րի­քին, որ տե­ղի ու­նե­ցած էր նոյն պան­դո­կին մէջ։

Օ­լան­տի ա­ռըն­թեր այս ընթ­րի­քին կը մաս­նակ­ցին Ֆրան­սա­յի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն դէմ­քեր, բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­ներ, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ։ Ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քի վեր­նա­խաւն ալ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ սոյն հա­ւա­քոյ­թին։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2016