ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՐՋ ՔԱՅԼ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձան այն հակահայ բանաձեւերուն, որոնք շրջանառութեան մէջ կը գտնուին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մօտ։ Վերջին շրջաններուն ԵԽԽՎ-է ներս ատրպէյճանամէտ պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ իրերայաջորդ ձեւով շրջանառութեան մէջ կը մտնեն հակահայ բանաձեւեր, որոնք միակողմանի մօտեցումներ կը ցոլացնեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին նկատմամբ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, ԵԽԽՎ-ի ներկայ նստաշրջանին ընդառաջ Երեւանի ղեկավարութիւնը տարած է բազմակողմանի աշխատանք։ Ծանօթ է, որ Եւրոխորհրդարանն ալ քանի մը օր առաջ անդրադարձած էր այս հարցին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ ԵԽԽՎ-ի հակահայկական բանաձեւերուն առընչութեամբ հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտեցին, թէ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի միակ ընդունելի ձեւաչափն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։
«Մենք կը հասկնանք, որ ԵԽԽՎ մօտաւոր ապագային կրնայ քննարկել հակամարտութեան վերաբերեալ բանաձեւերը, ուստի եւ կը յիշեցնենք ԵԽԽՎ-ին, ինչպէս նաեւ միւս տարածքաշրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, թէ Մինսքեան խմբակը կը շարունակէ մնալ միակ ընդունուած ձեւաչափը բանակցութիւններուն համար։ Մենք կը գնահատենք ԵԽԽՎ-ի անդամներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, սակայն կը յորդորենք չձեռնարկել այնպիսի քայլերու, որոնք պիտի վնասեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի լիազօրութեան կամ պիտի բարդացնեն շարունակուող բանակցային գործընթացը», նշուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ հաւանական դարձած է ԵԽԽՎ-ի մօտ հակահայ բանաձեւերու քուէարկութեան յետաձգումը։