ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՏԵՐԸ ՄԻԱՑՈՒԱԾ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին յա­ջոր­դած դա­տաի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Վճռա­բեկ ա­տեա­նի ո­րոշ­մամբ միա­ցուե­ցան այս գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ եր­կու դա­տե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին շրջա­նին Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով պատ­րաս­տուած էր նոր ամ­բաս­տա­նա­գիր մը, որ կը վե­րա­բե­րէր հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ պնդում­նե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան տուեալ­նե­րուն։ Ներ­կա­յիս այս յա­րա­կից հար­ցաքն­նու­թեան ար­դիւն­քով պատ­րաս­տուած մե­ղադ­րա­կա­նը ար­դէն կցուած է բուն դա­տա­վա­րու­թեան թղթած­րա­րին։ Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը յետ այ­սու պի­տի շա­րու­նա­կուի Իս­թան­պու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին մօտ։

Վճռա­բեկ ա­տեա­նը ո­րո­շած է եր­կու դա­տե­րը միաց­նել՝ հա­շուի առ­նե­լով ա­նոնց մի­ջեւ առ­կայ անձ­նա­կան, ի­րա­ւա­կան ու գործ­նա­կան կա­պե­րը։ Տե­ղա­կան մա­մուլն ալ լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ այս ի­րա­դար­ձու­թեան։ Հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ կը մատ­նան­շուի, որ դա­տին վա­րոյ­թը յանձ­նուած է Իս­թա­նու­լի 14-րդ Ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին, որ կը զբա­ղի ա­հա­բեկ­չու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պեալ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ գոր­ծե­րով։ Նոյն ծի­րին մէջ կը շեշ­տուի, թէ մա­հա­փոր­ձը կ՚ա­ռըն­չուի «Զու­գա­հեռ կա­ռոյց»ին հետ, ո­րու անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գէն ներս տեղ գտած շա­ռա­ւիղ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի դա­տուին ոճ­րա­գոր­ծու­թեան ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րուն հետ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016