ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա այս օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Մինչեւ Ուրբաթ՝ Յունուարի 29-ը պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան այս կազմակերպութեան հրատապ խնդիրները։ Երէկ, Նիքոլայ Պորտեուժա հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի վերջին գագաթաժողովի ընթացքին առնուած որոշումներուն։ Նկատի ունենալով, որ ներկայիս Հայաստան կը վարէ ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը, Նալպանտեան եւ Պորտեուժա շօշափեցին նաեւ հայկական նախագահութեան առաջնահերթութիւններու կատարման ընթացքը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Պորտեուժա Նալպանտեանին ներկայացուց ՀԱՊԿ-ի ընթացիկ աշխատանքները։ Ան գոհունակութեամբ նշեց կազմակերպութեան մօտ հայկական նախագահութեան կողմէ ձեռնարկուած ծաւալուն աշխատանքը։ Նալպանեան եւ Պորտեուժա քննարկեցին նաեւ կազմակերպութեան օրակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձան Հայաստանի մէջ նախատեսուած ՀԱՊԿ-ի կանոնադրական մարմիններու ժողովներու նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ յայտնեց, թէ Հայաստան ՀԱՊԿ-ի լիարժէք անդամ է եւ լուրջ աշխատանք կը կատարէ անոր դերակատարութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ։ Հայկական կողմը, ըլլալով շրջանային նախագահ, կատարած է նաեւ բազմաթիւ լուրջ առաջարկներ՝ նոյն նպատակներուն ուղղութեամբ։ «Հայաստան կը փափաքի ՀԱՊԿ-ն տեսնել որպէս ամուր, ուժեղ եւ լիարժէք կազմակերպութիւն», ըսաւ Սէյրան Օհանեան եւ աւելցուց, թէ Հայաստան համագործակցութեան առումով անցեալ տարի լուրջ արդիւնքներու հասած է իր դաշնակիցներուն հետ։
Սէյրան Օհանեանի խօսքերով՝ Հայաստան լուրջ կերպով կը համագործակցի թէ՛ ՀԱՊԿ-ի եւ թէ ՆԱԹՕ-ի հետ։