ԴԻՐՔԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆՓՈՓՈԽ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ երկ­րի սահ­ման­նե­րը ներ­կա­յիս ա­նա­ռիկ են։ «Զի­նեալ ու­ժե­րու հա­մա­պա­տաս­խան զօ­րա­միա­ւոր­ման կող­մէ կը պաշտ­պա­նուին մեր սահ­ման­նե­րը։ Մեր պաշտ­պա­նու­թեան ու­րուագ­ծին մէջ, դիր­քե­րու դա­սա­ւո­րու­թեան շուրջ փո­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի չեն ու­նե­ցած», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ատրպէյճա­նի կող­մէ դիր­քե­րու յա­ռաջ­խա­ղա­ցում մը տե­ղի չէ ու­նե­ցած։

Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, թէ Հա­յաս­տա­նի Տա­ւու­շի մար­զէն ներս գրա­ւած են դիրք մը։ Պա­քուի այդ պնդում­նե­րը ար­ձա­գանգ գտան նաեւ թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու մօտ։ Կարգ մը թեր­թեր այ­սօր գրած են, թէ «Օ­տուն­թե­փէ» կո­չուած բլուր մը, որ ու­նի ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն իր դիր­քին բե­րու­մով, ան­ցած է ա­զէ­րի զօր­քե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Սէյ­րան Օ­հա­նեան ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ հեր­թա­կան ան­գամ ու պաշ­տօ­նա­պէս կը հեր­քէ այդ պնդում­նե­րը։ «Նման բան տե­ղի չէ ու­նե­ցած», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ընդգ­ծեց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ դիր­քե­րու յա­ռաջ­խա­ղա­ցում մը չէ ե­ղած։

Բաց աս­տի, ան չի բա­ցա­ռեր սահ­մա­նի վրայ լա­րուա­ծու­թեան ա­ճը, քա­նի որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կ՚ապ­րուի տնտե­սա­կան ճգնա­ժամ մը եւ լա­րուա­ծու­թեան բարձ­րա­ցում մը կրնայ նկա­տուիլ այդ երկ­րի ներ­քին քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րուն բե­րու­մով։ Ըստ ի­րեն, այս բո­լո­րը հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն վրայ ո­րե­ւէ ձե­ւով չեն ազ­դեր։ Հայ­կա­կան բա­նա­կը պատ­րաստ է դի­մա­կա­յե­լու ա­մէն տե­սակ լա­րուա­ծու­թեան եւ բարձր է ա­նոր մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Սէյ­րան Օ­հա­նեան շետ­շեց նաեւ, թէ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ սպա­ռա­զի­նու­թեան մա­տա­կա­րար­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րե­ւէ խնդիր գո­յու­թիւն չու­նի։

 

 

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016