ՍԷՐԿԷՅ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՎ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ ջու­թա­կա­հար Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հա­մերգ­նե­րով հան­դէս պի­տի գայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Սպա­նիոյ մէջ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէ ներս ան պի­տի նուա­գէ Պալ­թի­մո­րի մէջ։ Իր ե­րեք հա­մերգ­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Պալ­թի­մո­րի սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բին հետ։ Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան Պալ­թի­մո­րի մէջ պի­տի նուա­գէ այս շա­բա­թա­վեր­ջին՝ վա­ղուը­նէ սկսեալ ա­նընդ­մէջ ե­րեք օր։

ԱՄՆ-ի այս ե­լոյթ­նե­րէն վերջ կար­գը պի­տի գայ Սպա­նիոյ հա­մերգ­նե­րուն։ Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան Մատ­րի­տի մէջ պի­տի նուա­գէ Սի­պե­լիու­սի ջու­թա­կի գոր­ծը։ Սպա­նիոյ իր ե­լոյթ­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Փետ­րուա­րի 26-ին, 27-ին եւ 28-ին։

Ջու­թա­կա­հար Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան ներ­կա­յիս կը բնա­կի Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Ան ջու­թակ նուա­գել սկսած է վեց տա­րե­կա­նին՝ Փրոֆ. Պետ­րոս Հայ­կա­զեա­նի մօտ։ Հե­տա­գա­յին իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Վիւրց­պուրկ քա­ղա­քին մէջ։ Ինն տա­րե­կա­նին Խա­չատ­րեան ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս ե­կած է սիմ­ֆո­նիք նուա­գա­խում­բի մը հետ՝ որ­պէս մե­նա­կա­տար։ Փոքր տա­րի­քէ սկսեալ նուա­գած է աշ­խար­հի շուրջ յի­սուն եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Որ­պէս կա­նոն տա­րե­կան մէկ-եր­կու հա­մեր­գով ան­պայ­ման հան­դէս կու գայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 2013 թուա­կա­նին Սէր­կէյ Խա­չատ­րեան ար­ժա­նա­ցած էր Credit Swiss զուի­ցե­րա­կան դրա­մա­տան տա­րե­կան մրցա­նա­կին՝ տի­րա­նա­լով «Աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն ե­րա­ժիշտ»ի կոչ­ման։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016