ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելեանին շրջագծով երէկ երեկոյեան յատկանշական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ։ Գեղարուեստական ղեկավար Սէրկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ հանդէս եկաւ նուագախումբը, որուն միացած էին նաեւ երկու աշխարհահռչակ արուեստագէտներ։ Այսպէս, երիտասարդական նուագախումբին հետ հայ երաժշտասէրներուն ներկայացան իտալացի ձեռնադաշնակահար Մարիօ Սթեֆանօ Փիեթրօտարչի եւ կիթառահար Լուքա Լուչին։ Երաժշտասէրները, որոնք մեծ խանդավառութիւն ապրեցան ձեռնարկի ընթացքին, երեկոյթի աւարտին որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին երաժիշտները։