ՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժան, նաեւ Եւ­րո­միու­թեան Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Վրաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէ­րը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւան։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան եւ Նի­քո­լայ Պոր­տեու­ժա քննար­կե­ցին ՀԱՊԿ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ներ­կա­յա­ցուած ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու ի­րա­գործ­ման ուղ­ղեալ ծրա­գի­րը։

Հեր­պերթ Զալ­պէ­րի հետ ալ Սերժ Սարգ­սեան քննար­կեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Այս առ­թիւ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման հար­ցին մէջ ԵՄ-ի հա­ւա­սա­րակշ­ռուած դիր­քո­րոշ­ման պահ­պա­նու­մը եւ հար­ցի հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման հա­մար բա­րեն­պաստ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լու յանձ­նա­ռու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Հեր­պերթ Զար­պէր վստա­հե­ցուց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը շա­հագրգ­ռուած է հիմ­նախն­դիր շու­տա­փոյթ ու խա­ղաղ կար­գա­ւոր­մամբ ու կը փա­փա­քի իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ նպաս­տել հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման՝ ա­ջակ­ցե­լով այդ հար­ցով զբա­ղող ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րուն, ինչ որ միակ հա­մա­ձայ­նե­ցուած եւ ըն­դու­նե­լի ձե­ւա­չափն է։ Հան­դիպ­ման տե­ւո­ղու­թեան զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն, առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ այս գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։ Սերժ Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան կող­մի մօ­տե­ցում­նե­րը։ Կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ԵՄ-ի հա­ւա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան հեր­թա­կան ան­գամ եր­կուս­տեք ընդգ­ծուե­ցաւ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հի­մնախն­դի­րը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում եւ ան կրնայ կար­գա­ւո­րուիլ միայն հա­կա­մարտ կող­մե­րու շա­հե­րը բա­ւա­րա­րող եւ կող­մե­րու հա­մար ըն­դու­նե­լի փոխ­զի­ջում­նե­րու հի­ման վրայ։  

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016