ՎՃՌԱԿԱՄ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ գու­մա­րեց 2016 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, որ տե­ւեց 6 ժամ 40 վայր­կեան։ Ժո­ղո­վէն վերջ հրա­պա­րա­կուած պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյ­ցին մէջ նշուե­ցաւ, թէ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են երկ­րին ուղ­ղեալ ներ­քին ու անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­լիք­ներն ու ա­նոնց դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րը։ Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը կ՚ընդգ­ծէ, որ խտրա­կա­նու­թիւն չի դներ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կած են «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ երկ­րէն ներս ու դուրս յա­ռաջ տա­րուող պայ­քա­րը։ Թուր­քիա ո­րո­շած է վճռա­կամ եւ սկզբուն­քա­յին պայ­քար մը ի­րա­կա­նաց­նել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ՝ ինչ որ ալ ըլ­լայ ա­նոր աղ­բիւ­րը։

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ընդգ­ծեց, որ պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի նաեւ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Շեշ­տուե­ցաւ, թէ այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը թի­րախ ընտ­րած է ազ­գի հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը, հա­մա­կե­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, կրթօ­ճախ­նե­րը, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, մզկիթ­նե­րը։ Նոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ճշնում­նե­րու եւ բռնու­թեան մի­ջո­ցաւ գաղ­թե­լու կը պար­տադ­րէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ու կը սպան­նէ նո­րա­ծին­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոր դէմ վճռա­կան պայ­քա­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի՝ ի­րա­ւուն­քի շրջագ­ծին մէջ։ Զե­կոյ­ցին մէջ մատ­նան­շուե­ցաւ նաեւ զգայ­նու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ֆի­զի­քա­կան եւ ստա­ցուած­քի անվ­տան­գու­թեան նկատ­մամբ։ Նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­ներ ձեռք պի­տի առ­նուին, որ­պէս­զի ա­նոնց կրած վնաս­նե­րը հա­տու­ցուին։ Զե­կոյ­ցին մէջ բարձր գնա­հա­տուած են ՓՔՔ­-ի դէմ ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ջան­քե­րը։

Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը նկա­տի ա­ռած է նաեւ Սու­րիա­յէն ծա­գած սպառ­նա­լիք­նե­րը, ո­րոնց լոյ­սին տակ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կանգ ա­ռած են տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան ուղ­ղեալ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­կան լուծ­ման հե­ռան­կա­րով վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Թուր­քիա վե­րա­հաս­տա­տած է իր վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ Սու­րիոյ թիւրք­մէն­նե­րուն ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, երկ­րի միւս ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րուն հետ։

Խոր­հուր­դի օ­րա­կար­գին վրայ տեղ գտած են նաեւ Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցած են այն գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, զոր Ռու­սաս­տան կը ծա­ւա­լէ Դա­մաս­կո­սի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Թուր­քիա տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման ճա­նա­պար­հին կ՚ըն­թա­նայ իր դաշ­նա­կից­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հետ։ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ա­ռըն­թեր Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը նկա­տի ա­ռած է նաեւ Ի­րա­քի, Լի­պիոյ, Ե­մէ­նի, ընդ­հա­նուր Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սա­յին Ափ­րի­կէի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։

Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ող­ջու­նած է նաեւ Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վերս­տին թափ ստա­նա­լու ե­րե­ւոյ­թը։  

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016