CCAF-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ
Փարիզի «Քոլեքսիոնէօր» պանդոկին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան պաշտօնական ընթրիքը, հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի։ CCAF-ի համանախագահներուն՝ Ալեքսի Կէօվճեանի, Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյթին ընթացքին Ֆրանսուա Օլանտ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ հայկական հարցին, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, Մերձաւոր Արեւելքի հայոց խնդիրներուն, մարդու իրաւանց եւ անվտանգնութեան վերաբերեալ հարցերու։
Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան եւ ֆրանսահայ համայնքէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր։