ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի Ե­րե­ւա­նի թղթա­կից Ա­նուշ Թրուանց եւ աշ­խա­տա­կից Սա­գօ Ա­րեան վեր­ջին օ­րե­րուն կարճ այ­ցե­լու­թիւն մը տուին Իս­թան­պուլ։ Ա­նուշ Թրուանց-Սա­գօ Ա­րեան ա­մո­լը, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Լոն­տո­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րուն» հա­մա­ժո­ղո­վին, Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին ան­ցաւ Իս­թան­պու­լէն։ Կար­ճա­տեւ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոնք շրջե­ցան քա­ղա­քիս տե­սար­ժան վայ­րե­րը, ինչ­պէս նաեւ այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց եւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը։ Մեր սի­րե­ցեալ ըն­կեր­նե­րը այ­սօր ե­րե­կո­յեան ար­դէն հրա­ժեշտ կ՚առ­նեն քա­ղա­քէս։

Լու­սան­կա­րին մէջ Ա­նուշ Թրուանց եւ Սա­գօ Ա­րեան կ՚ե­րե­ւին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տան մէջ, թեր­թիս լրա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րի Թա­շի եւ մեր լու­սան­կա­րիչ­նե­րէն Մու­րատ Է­զէ­րի հետ։

 

 

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2016