ԴԱՐՁԵԱԼ ԽԱԽՏՈՒՄ
Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուած յարաբերութիւններու մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին ապրուեցան խորապէս մտահոգիչ իրադարձութիւններ։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ գործողութիւններ իրականացնող ռուսական ռազմաօդանաւ մը վերստին իրականացուց օդային մարզի խախտում մը։ Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերու օդանաւին կողմէ Թուրքիոյ օդային մարզին խախտուիլը շաբաթավերջին բնորոշեց երկրին օրակարգը, հաշուի առնելով մանաւանդ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ առկայ լարուածութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ռուսական ռազմաօդանաւ մը թրքական օդային մարզը խախտած է՝ հակառակ բոլոր զգուշացումներուն։ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը՝ հաստատելով Թուրքիոյ հրապարակած տուեալները։ Ան արտայայտեց դաշինքին զօրակցութիւնը ի նպաստ թրքական կողմին։ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլօ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, իսկ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերքեցին Թուրքիոյ օդային մարզի խախտման վերաբերեալ լուրերը՝ զանոնք որակելով թրքական կողմի քարոզչութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան խիստ ոճով արձագանգեց Մոսկուայի այս վերջին արարքին ու շեշտեց, թէ Ռուսաստանին կը վիճակի հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը։ Ան յիշեցուց նաեւ, թէ փափաք յայտնած է Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տեսակցելու համար, սակայն այդ քայլը մնացած է ապարդիւն։ Իր կարգին, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ յայտնեց, թէ ռուսական ռազմաօդանաւի այս անգամուան խախտումը նախորդին բաղդատմամբ ունի աւելի տարբեր բնոյթ մը։