ՀՅԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ խմո­րում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ հա­մա­խո­հա­կան նոր իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման վար­կա­ծը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դաշ­նակ­ցու­թեան մօտ քննար­կուած են իշ­խա­նու­թեան հետ հա­ւա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ բո­վան­դա­կու­թեան ու ձե­ւա­չա­փին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ ՀՅԴ­-ի գե­րա­գոյն մարմ­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցած է կու­սակ­ցու­թեան մօտ ընդ­լայ­նուած խորհր­դակ­ցու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցած են կու­սակ­ցու­թեան Հա­յաս­տա­նի կա­ռոյ­ցի յի­սուն կո­մի­տէ­նե­րու եւ տասն մար­զա­յին կո­մի­տէ­նե­րու մօտ շուրջ ութ­սուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս առ­թիւ ՀՅԴ­-ի գե­րա­գոյն մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղուան Վար­դա­նեան հա­մա­ռօտ անդ­րա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն, օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­նե­րուն։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան կա­րե­ւո­րած է ՀՅԴ­-ի Հա­յաս­տա­նի կա­ռոյ­ցի քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Իր կար­գին, ՀՅԴ­-ի պիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գա­րեան հան­գա­մա­նա­լից ներ­կա­յա­ցուց վեր­ջին շրջա­նին երկ­րէն ներս ըն­թա­ցող ներ­քին քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը։ Ան անր­դա­դար­ձաւ ըն­կե­րա­յին, քա­ղա­քա­կան ու տնտե­սա­կան կեան­քէն ներս ՀՅԴ­-ի ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ կու­սակ­ցու­թե­նէն ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ռանձ­նա­կի քննու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ՀՅԴ­-ի կող­մէ յա­ռաջ քշուած յայտ­նի եօթ կէ­տե­րը՝ Հրանդ Մար­գա­րեան ո­րո­շա­կի գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց վե­րո­յի­շեալ կէ­տե­րուն շուրջ ար­ձա­նագ­րուած դրա­կան լու­ծում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան խօ­սե­ցաւ իշ­խա­նու­թեան հետ հա­ւա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն եւ ձե­ւա­չա­փե­րուն մա­սին։ Ներ­կայ հանգ­րուա­նին Հրանդ Մար­գա­րեան իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան ձեռք­բե­րում ո­րա­կած է նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դու­նուի­լը։ Այդ ծի­րին մէջ կեան­քի կո­չուած են ՀՅԴ­-ի հիմ­նա­կան սկզբունք­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը երկ­րի կա­ռա­վար­ման դրու­թեան եւ շարք մը կա­րե­ւո­րա­գոյն քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու շուրջ։

Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման յա­ջոր­դած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ՝ Հրանդ Մար­գա­րեան կա­րե­ւո­րեց ՀՅԴ­-ի քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը երկ­րէն ներս առ­կայ ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան ու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ա­ռու­մով։ Խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին յատ­կա­պէս ընդգ­ծուե­ցան կու­սակ­ցու­թեան ներ­քին խնդիր­նե­րը՝ ՀՅԴ­-ի ընդ­լայ­նումն ու կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թիւ­նը դի­տե­լով որ­պէս ա­մե­նօ­րեայ ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տան­քի նա­խա­պայ­ման։

Կը հա­ղոր­դուի, որ կու­սակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս յա­ռա­ջի­կա­յին ալ պի­տի շա­րու­նա­կուին քննար­կում­նե­րը։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016