ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Գրի­գոր Յով­հան­նի­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին Սպի­տակ տան մէջ իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը յանձ­նեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յին։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս առ­թիւ Օ­պա­մա շնոր­հա­ւո­րեց Յով­հան­նի­սեա­նը հա­ւա­տար­մագ­րի յանձն­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ Գրի­գոր Յով­հան­նի­սեա­նի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լան հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ փու­լին մէջ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի խո­րաց­նե­լու եւ ընդ­լայ­նե­լու ա­ռու­մով։

Դես­պան Յով­հան­նի­սեան փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ող­ջոյն­ներն ու ջերմ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը։ Ան նաեւ նշեց, թէ Սերժ Սարգ­սեան ներ­կայ պի­տի գտնուի այս տա­րի Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ նա­խա­տե­սուած Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Պա­րաք Օ­պա­մա յայտ­նեց իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տե­լով Հա­յաս­տա­նի յանձ­նա­ռու­թիւ­նը մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար։

Նա­խա­գահ Օ­պա­մա նշեց, որ 2015 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­մե­րի­կեան ներդ­րում­նե­րու ծա­ւա­լի պատ­մա­կան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը միայն սկիզբն է մե­ծա­ծա­ւալ ա­ռեւտ­րա­յին ու ներդ­րու­մա­յին այն կա­պե­րուն, ո­րոնք ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նին ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­մար, այն­պէս ալ ան­կէ դուրս։

Նա­խա­գահ Օ­պա­մա­յի այս հան­դի­պու­մը ու­նե­ցաւ լայն ար­ձա­գանգ։ Տնտե­սա­գէտ Թա­թուլ Մա­նա­սէ­րեան յայտ­նեց, որ Օ­պա­մա­յի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ Հա­յաս­տան միա­կող­մա­նի կա­խուա­ծու­թիւն չու­նի Ռու­սաս­տա­նէն։ Ըստ ի­րեն, ԱՄՆ հե­տաքրք­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ տնտե­սա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի բարձ­րաց­նե­լով, ա­ւելց­նե­լով եւ սա Հա­յաս­տա­նի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է՝ օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րում­նե­րու տե­սա­կա­ւոր­ման ա­ռու­մով։ «Ընդ­հան­րա­պէս որ­քան Հա­յաս­տա­նի մէջ տնտե­սա­կան մի­ջա­վայ­րը ա­ռողջ ըլ­լայ ու ներդ­րու­մա­յին դաշ­տը գրա­ւիչ, մենք այն­քան ա­ւե­լի շատ գոր­ծըն­կեր­ներ կ՚ու­նե­նանք», ը­սաւ Մա­նա­սէ­րեան։

Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Սերժ Սարգ­սեան Ո­ւա­շինկ­թըն պի­տի ու­ղե­ւո­րուի Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար։ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւն ալ հրա­ւի­րուած է այդ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քոյ­թին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 1, 2016