ՈՍԿԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 50-ամեակը շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ համայնքային կեանքէն ներս։ Հաստատութեան ոսկեայ յոբելեանին առթիւ երէկ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, հովանաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։
Երէկ առաւօտ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պատարագիչն էր Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Ուսուցչաց հիմնարկի հանգուցեալ հիմնադիրները, վարչայինները, անդամները, բարերարները եւ մեր անդարձ բաժնուած բոլոր կրթական մշակները։
Օրուան առաջին կէսին տեղի ունեցան այս հոգեւոր հանդիսութիւնները, որոնց շարունակութիւնը եղաւ երեկոյեան կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը։ Թաքսիմի «Էլիթ Ուորլտ» պանդոկի երդիքին տակ հիմնարկի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը։ Ընթրիքը պատուեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ինչպէս նաեւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Այս երեկոյթին հրաւիրուած էին իսթանպուլահայ կրթական շրջանակները եւ բազմաթիւ հիւրեր։ Վարժարան հովանաւորող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներէն ներկայացուցիչներ, մեր վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ եւ տնօրէններ, կրթական մշակներ, Ուսուցչաց հիմնարկի պատասխանատուներ, բարերարներ, մտաւորականներ այս առթիւ համախմբուեցաaն տօնական մթնոլորտի մը մէջ։ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Հաւաքոյթի ողջ տեւողութեան խորին երախտագիտութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ հաստատութեան վարչութեան բազմամեայ ատենադպիր Արամ Գամպուրեանի կողմէ շուրջ 42 տարիէ ի վեր մատուցուած անձնուրաց ծառայութեան։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Մարիամ Տրամէրեանի հանդիսավարութեամբ։ Հիմնարկի վարչութեան անունով արտայայտուեցաւ Փոխ-ատենապետ Նազարէթ Պալ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ ասմունքեց Սիլվա Կոմիկեան, մեներգեց Լիւսի Գահվէճիօղլու՝ նուագակցութեամբ Սեսիլ Գահվէճիօղլուի։ Ոսկեայ յոբելեանը ողջունեցին իսթանպուլահայ մամուլի ներկայացուցիչները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան, ինչպէս նաեւ Վերապատուելի Աղապալօղլու։ Յոբելանին առթիւ յուշանուէրներ յանձնուեցան հիմնարկին վարչական կամ մասնագիտական ուղղութիւններով ծառայութիւն մատուցած շարք մը նուիրեալներու։
Հուսկ 50-ամեակի առթիւ հատուած կարկանդակը տրամադրութիւնը գագաթնակէտին հասցուց դահլիճէն ներս։