Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԷՔՃԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թեան կող­մէ տա­րե­մու­տի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան մը։ Վար­պուր­կի Մոր Եա­գուպ Սա­րուկ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեա­նին ըն­կե­րա­ցաւ Տ. Հրաչ Քհնյ. Պի­լի­ճեան։ Ներ­կայ գտնուե­ցան Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցիէն ե­րեք ե­պիս­կո­պոս­ներ՝ Մա­թիաս Նաիս, Հան­նա Այ­տըն եւ Ա­քըն Այ­տըն, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րը, Ղպտի Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ Տա­նիան Ե­պիս­կո­պոս, մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիւ­րեր, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէ դէմ­քեր եւ այլ հիւ­րեր։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ան կարգ ա­ռաւ հայ եւ ա­սո­րի քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ւան­դա­կան կա­պե­րուն վրայ։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը Գեր­մա­նիոյ մէջ եւս հաս­տա­տած են սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Ա­սո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բը գոր­ծադ­րեց ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մը։ Վան­քի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ սար­քուած հիւ­րա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016