ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ սկսաւ նար­տի մրցա­շարք մը, որ ձօ­նուած էր հո­գե­լոյս Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի յի­շա­տա­կին։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան ա­ւան­դա­կան ձեռ­նարկ­նե­րէն մին է այս մէ­կը։ Այս տա­րի լայն մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վուած է սոյն մրցա­շար­քին, ո­րու հան­դի­պում­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Ե­րեք­շաբ­թի եւ Հինգ­շաբ­թի։ Շուրջ ա­միս մը պի­տի տե­ւէ այս մրցա­շար­քը, ո­րու սկիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն եւ այս­պէ­սով յստա­կա­ցաւ սկզբնա­կան փու­լի խա­ղա­ցու­ցա­կը։

Մրցա­շար­քի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ։ Ներ­կայ էր նաեւ հան­գու­ցեալ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի որ­դին՝ Պատ­րիկ Կիւն­թէր, որ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց մրցա­շար­քի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016