ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Վարդանանց տօնը։ Սրբոց Վարդանանց յիշատակութիւնը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի ամենայատկանշական հանգրուաններէն մին կը համարուի։ «Վասն հաւատոյ վասն հայրենեաց» կարգախօսով առաջնորդուելով հայութիւնը դարեր շարունակ պահպանած է իր ինքնութիւնը, հայ-քրիստոնեայ դիմագիծը։ Դարերու քննութենէն անցած այդ ժառանգութիւնը այսօր վէմն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, որու զանգերը կը ղօղանջեն զուարթ ու յաղթական։
Այսօր, միեւնոյն ժամանակ անուանակոչութեան տօնն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերու հայկական եկեղեցիներէն ներս Հայրապետական մաղթանք տեղի կ՚ունենայ՝ Նորին Սրբութեան անուանակոչութեան տօնին կապակցութեամբ։ Հաւատացեալ հայորդիները աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։
Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց ոգին ու վկայութիւնը այսօր եւս լոյս կը սփռէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճանապարհին վրայ։ Որքան լուսաւոր, այնքան ալ դժուարին ճանապարհ մըն է այդ մէկը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը, որու անուանակոչութեան տօնն է այսօր, այդ ճանապարհին վրայ իր հօտը կը գլխաւորէ՝ նոր ժամանակներու պայմաններուն մէջ վերարժեւորելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ համախումբ պահելով անոր աշխարհացրիւ հաւատացեալները։ Վեհափառ Հայրապետը հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դարեր անց՝ այսօր ալ կը մարմնաւորէ Ս. Վարդանանց ոգին, որմէ բխած յանձնառութիւններով ուղղութիւն կու տայ Հայոց Մայր Եկեղեցւոյ՝ դիմագրաւելու համար մերօրեայ մարտահրաւէրները եւ ամենակարեւորը՝ երաշխաւորելու համար համայն հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։ Ան հովուական իր անկրկնելի ընդունակութիւններով կը յաջողի հայ քրիստոնեայ հաւատացեալները համախումբ պահել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական ու գերակայ լուսաբեւեռ կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ։
Ս. Վարդանանց տօնին օրով, որդիական խորին ակնածանքով կը շնորհաւորենք Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան տօնը՝ մաղթելով իրեն արեւշատութիւն, ծաղկուն գաւազան ու գահակալութեան բազում տարիներ։