ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի նշէ իր կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րը։ Դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 107-րդ, իսկ երգ­չա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման 84-րդ տա­րե­դարձ­նե­րուն առ­թիւ նա­խա­տե­սուած են կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս ձե­ւա­ւո­րուած է նա­խըն­թաց մը, ո­րով Մեծ պա­հոց շրջա­նին ըն­դա­ռաջ Բա­րե­կեն­դա­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կը միա­նայ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի տա­րե­դար­ձին հետ։

Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դը տա­րե­դար­ձի ըն­դա­ռաջ այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան։ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը Գում­գա­բուի փու­թա­ցին գլխա­ւո­րու­թեամբ Դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի եւ փոխ-նա­խա­գահ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեա­նի։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց ա­նոնց այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րե­լով կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րը՝ ան Վար­դա­նանց ըն­տա­նի­քին փո­խան­ցեց հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը ու կա­յուն յա­ջո­ղու­թեան եւ յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թանք­նե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016