ՀՆԱԳՈՅՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ՀԱՄԱՅՆՔ

Լոն­տո­նի կեդ­րո­նա­կան Քեն­սինկ­թըն թա­ղա­մա­սի մէջ գտնուող Ս. Սար­գի­ս ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղե­ցի հա­սանք այն օ­րը, երբ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տէն ետք հա­յու­թիւ­նը հա­մախմ­բուած էր ե­կե­ղե­ցիին կից գոր­ծող «Նուարդ Կիւլ­պէն­կեա­ն» սրա­հին մէջ եւ կը մաս­նակ­ցէր «Ս. Սար­գի­ս­»ի ա­մե­նա­մեայ մա­տա­ղին: Հոծ բազ­մու­թիւն մը հա­ւա­քուած էր՝ զա­նա­զան տա­րի­քի հա­յեր՝ հա­յա­խօս եւ ոչ-հա­յա­խօս, եւ ջերմ զրոյց­նե­րէն կա­րե­լի էր դա­տել, որ Լոն­տո­նի հա­յու­թիւ­նը հայ­կա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, ձեռ­նարկ­նե­րու կա­րօ­տը ու­նի եւ ա­ռիթ կը փնտռէ հա­մախմ­բուե­լու: Ե­կե­ղե­ցին այն հիմ­նա­կան ու կա­պող օ­ղակն է, ո­րու շուրջ այ­սօր հա­մախմ­բուած է Մեծն Բրի­տա­նիոյ հա­յու­թիւ­նը:

Ա­ւե­լի ուշ այս հար­ցե­րը, այլ հար­ցե­րու կար­գին քննար­կե­ցինք Մեծն Բրի­տա­նիոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին Իր­լան­տա­յի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպս­կ. Մա­նու­կեա­նի հետ հան­դիպ­ման եւ հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին: Ան թե­մի ա­ռաջ­նորդ նշա­նա­կուած է 2015 թ­­ուա­կա­նի 15 Յու­լի­սին, մինչ այդ ե­ղած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­թի­կի Թե­մի ա­ռաջ­նորդ եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի տնօ­րէն: Ու­սա­նած է Սե­ւա­նի Վազ­գէ­նեան հո­գե­ւոր դպրա­նո­ցին մէջ, ու­սու­մը շա­րու­նա­կած է Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի լսա­րա­նի եր­դի­քին տակ: 1998 թուա­կա­նին ու­սա­նած է Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի Պոս­սէի Է­քիւ­մե­նիք դպրո­ցին մէջ (Զուի­ցե­րիա, Ժը­նեւ):

Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան ու­սա­նած է նաեւ Դա­նիոյ Ար­հուս քա­ղա­քի Տիա­կո­նալ դպրո­ցին մէջ՝ ու­սում­նա­սի­րե­լով ըն­կե­րա­յին աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւն:

Ու­նի աս­տուա­ծա­բա­նա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծուի գի­տա­կան աս­տի­ճան: 2010 թուա­կա­նին, ձե­ռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի, ստա­ցած է ե­պիս­կո­պո­սա­կան օ­ծում եւ ձեռ­նադ­րու­թիւն:

Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ Տ. Յո­վա­կիմ Ե­պիս­կո­պոս Մա­նու­կեան սի­րով հիւ­րըն­կա­լեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ը եւ պա­տաս­խա­նեց մեր հար­ցում­նե­րուն:

-Սրբա­զան Հայր, ե­թէ անդ­րա­դառ­նաք թե­մի ան­ցած ճա­նա­պար­հին եւ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեա­ն հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այ­սօր որ­քա­նո՞վ պահ­պա­նուած է այդ դե­րը:

-Բրի­տա­նիոյ հա­յե­րը ա­ւե­լի հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն սկսած են տե­ղա­փո­խուիլ եւ այս­տեղ հաս­տա­տուիլ տա­կա­ւին 19-րդ դա­րուն: Ա­ռա­ջին հա­մայն­քը հիմ­նո­ւած է Մեն­չըս­թը­րի մէջ, ուր նաեւ ե­ղած է ե­կե­ղե­ցի, հոն գոր­ծած են ո­րոշ ե­պիս­կո­պոս­ներ, մին­չեւ 1930-ա­կան­նե­րը: 1871 թուա­կա­նէն ի վեր ու­նինք հա­մայնք, եւ հիմ­նա­կա­նը հնդկա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ե­կած եւ հաս­տա­տուած են՝ կազ­մա­ւո­րե­լով հա­մայն­քը: Հա­մայն­քը բա­ւա­կա­նին փոք­րա­թիւ ե­ղած է, 1920-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին այս­տեղ եւս ապ­րած են փոք­րա­թիւ հա­յեր, ո­րոնց հա­մար ազ­գա­յին բա­րե­րար Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն 1923 թուա­կա­նին կա­ռու­ցած է Ս. Սար­գի­ս ե­կե­ղե­ցին: Հե­տա­գա­յին հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն թի­ւը, մա­նա­ւանդ՝ 1950-ա­կան­նե­րէն յե­տոյ, պար­բե­րա­բար ա­ճած է, ե­ղած են ներ­գաղ­թող­ներ Կիպ­րո­սէն, ո­րոնք մե­ծա­մաս­նու­թիւն են, նաեւ՝ ներ­գաղ­թող­ներ՝ Ի­րա­քէն, Ի­րա­նէն, մա­նա­ւանդ Ի­րա­նի մէջ յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք: Մեծ թի­ւով ներ­գաղթ ե­ղած է Լի­բա­նա­նէն, Սու­րիա­յէն եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նէն, եւ հա­մայն­քին թի­ւը գե­րա­զան­ցա­պէս բազ­մա­ցած է: Պե­տա­կան գրան­ցում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րով կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց հա­մա­ձայն 28 հա­զար մարդ ինք­զինք հայ կը նկա­տէ: Բայց այս­տեղ հա­յե­րը զա­նա­զան շեր­տե­րու կը բաժ­նուին, կան ան­ձինք, ո­րոնք ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը նոր կը բա­ցա­յայ­տեն, կան ան­ձինք, ո­րոնք ձու­լուած են, սա­կայն հայ­կա­կան ար­մատ­ներ ու­նին:

Մեծն Բրի­տա­նիան խո­շոր եր­կիր մըն է եւ ա­ւան­դա­բար մեր երկ­րի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սկսած են Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րէն:

Հա­մայն­քը փոք­րա­թիւ ե­ղած է, եւ այդ ա­ռու­մով այն ժա­մա­նակ գործ­նա­կան կա­պեր, շփում­ներ գո­յու­թիւն չեն ու­նե­ցած հա­մայն­քի հետ: Այ­սօր հա­մայն­քը ու­նի ներ­կա­յա­նա­լի ան­ձինք, ո­րոնք նաեւ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նին զա­նա­զան շրջա­նակ­նե­րու հետ: Այս ա­ռու­մով կը փոր­ձենք ծրագ­րեր ի­րա­կա­նաց­նել, խթա­նել երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կա­պե­րը եւ այլն: Երկ­րին մէջ գոր­ծած է Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի որ­դին, ո­րու մա­սին նաեւ խօ­սած են անկ­լի­քան­ներ, իսկ վեր­ջերս Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցիի մէջ մի­ջո­ցա­ռում մը կազ­մա­կեր­պուած էր՝ նուի­րուած Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Ո­ւել­սի ար­քա­յազ­նը՝ Չարլ­զ։ Հոն ին­ծի հետ ե­կած էր նաեւ Փոլ Կիւլ­պէն­կեա­նը՝ Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի ազ­գա­կա­նը: Վեր­ջի­նիս հետ զրոյ­ցի ժա­մա­նակ ար­քա­յազն Չարլ­զ յի­շեց եւ պատ­մեց Կիւլ­պէն­կեան­նե­րու մա­սին, այս մէ­կը եւս հե­տաքր­քրա­կան փաստ է: Այ­սօր այս­տեղ նոյն­պէս ու­նինք ա­նուա­նի հա­յեր, ո­րոնք լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ են հա­յու­թեան, Հա­յաս­տա­նի հետ եւ այդ մէ­կը նաեւ դես­պա­նու­թեան շնոր­հիւ է, յան­ձինս Հա­յաս­տա­նի դես­պան Տիար Ար­մէն Սարգ­սեա­նի, որ փո­փո­խու­թիւն մտցուց հայ-անկ­լի­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ եւ ա­տոր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը Ո­ւեստ­մի­նիս­տը­րի ա­րա­րո­ղու­թիւնն էր՝ Մեծ է­քիւ­մե­նիք ա­ղօթ­քը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 2015 թուա­կա­նի 28 Հոկ­տեմ­բե­րին:

Հա­մայն­քի նշա­նա­ւոր մար­դոց կար­գին է Ա­րա Տար­զին, որ լոր­տի կո­չում ստա­ցած է եւ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տի մէջ: Ան ե­ղած է Բրի­տա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար, բա­ւա­կան մեծ գոր­ծու­նէու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նող գոր­ծիչ մըն է, հա­մայն­քի, ե­կե­ղե­ցիի հետ կա­պուած անձ­նա­ւո­րու­թիւն, նաեւ՝ հա­յա­խօս: Եւ անց­նող 31 Դեկտմ­բե­րին Է­լի­զա­պէթ թա­գու­հիին կող­մէ ստա­ցած է «Ար­ժա­նիք­նե­րու հա­մա­ր» մե­տայ­լը: Այս պար­գե­ւով ի­րենց կեն­դա­նու­թեան օ­րօք կը պար­գե­ւատրո­ւին քսան­չորս մար­դիկ, ո­րոնք ներդրում ու­նե­ցած են Մեծն Բրի­տա­նիոյ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, գի­տու­թեան զար­գաց­ման մէջ: Հա­մայն­քը նե­րուժ ու­նե­ցող է, եւ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ կը նպաս­տեն թէ՛ Հա­յաս­տա­նին, թէ՛ Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նին եւ թէ երկ­րին:

-Իսկ հա­մախմ­բուա­ծու­թեան մա­սին ի՞նչ կրնաք ը­սել, հա­մախմ­բուա՞ծ են:

-Կան կարգ մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը կար­գա­ւո­րեն հա­մայն­քի կեան­քը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր շրջա­նակ­նե­րու մէջ, նաեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նան մի­ջո­ցա­ռում­ներ, ո­րոնց շուրջ հա­յու­թիւ­նը նոյն­պէս կը հա­մախմ­բուի: Ե­կե­ղե­ցին բո­լո­րի հա­մար միա­ւո­րող օ­ղակ կը հան­դի­սա­նայ, ե­կե­ղե­ցին կը զբա­ղի հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ, միւս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը՝ հա­սա­րա­կա­կան-ազ­գա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով: Գոր­ծօն են Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ), Հա­մազ­գա­յի­նը, գո­յու­թիւն ու­նի հա­մայն­քա­յին խոր­հուրդ, ո­ր յա­ռա­ջա­տար դեր կը զբա­ղեց­նէ հա­մայն­քի կեան­քէն ներս, բա­ւա­կա­նին աշ­խոյժ է մեր դես­պա­նու­թիւ­նը, կայ նաեւ Թէ­քէեան կեդ­րո­նը: Բո­լորն ալ այս կամ այն կեր­պով կա­պուած են ե­կե­ղե­ցիին, ե­կե­ղե­ցին ալ կը փոր­ձէ ա­մէն մէ­կու հետ լաւ ըլ­լալ, ո­րո­վե­տեւ, ի վեր­ջոյ, ե­կե­ղե­ցին ին­քը ժո­ղո­վուրդն է: Շա­տեր, ո­րոնք կը գոր­ծեն այս կամ այն հա­մայն­քա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ, ծու­խե­րու եւ ե­կե­ղե­ցիի գոր­ծօն ան­դամ են:

-Ի՞նչ ընդ­հա­նուր մտա­հո­գու­թիւն ու­նի հա­յու­թիւ­նը, ի՞նչ հոգ­ե­րով կ՚ապ­րի մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը:

-Վեց ա­մի­սէ ի վեր հոս եմ, տա­կա­ւին ծա­նօ­թու­թիւնս կա­րե­լի է ը­սել հա­մայն­քի հետ չէ ա­ւար­տած, հա­կա­ռակ որ հան­դի­պած եմ լայն շրջա­նակ­նե­րու, բայց ա­մէն օր նոր մար­դոց հետ կը ծա­նօ­թա­նամ: Մար­դիկ հիմ­նա­կա­նը զբա­ղած են ի­րենց ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տանք­նե­րով, գրե­թէ բո­լո­րը պիզ­նըս­ներ ու­նին, տար­բեր գոր­ծու­նէու­թեան աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ընդրգ­կուած են: Հե­տա-քըրք­րուած են նաեւ հա­յու­թեան ա­ռօ­րեա­յով, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քով: Հա­մայն­քը, ինչ­պէս նշե­ցի, տար­բեր շեր­տե­րէ բաղ­կա­ցած է: Այն հա­յե­րը, ո­րոնք հոս տե­ղա­փո­խո­ւած են ա­ւան­դա­կան սփիւռք­նե­րէն, յատ­կա­պէս Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րէն, ա­նոնք հա­մայն­քա­յին կեան­քին վարժ են, աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցին, իսկ այն հա­յե­րը, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նէն ե­կած են, հե­ռա­ցած են այդ կեան­քէն, սո­վոր չեն, եւ ո­րե­ւէ ա­ռու­մով մե­զի հա­մար մար­տահ­րա­ւէր է այ­սօր այդ հա­յու­թիւ­նը բե­րե­լ ե­կե­ղե­ցի, մաս­նա­կից դարձ­նել հա­մայն­քա­յին կեան­քին: Թէեւ ա­նոնց կա­պը հայ­րե­նի­քի հետ զօ­րա­ւոր է, ա­նոնց պա­րա­գա­յին ձու­լուե­լու, ա­ւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րէն հե­ռա­նա­լու վտանգ չենք տես­ներ, բայց վստահ, յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու պա­րա­գա­յին ա­նոնք կ՚ու­նե­նան այդ խնդի­րը, ուս­տի հրա­մա­յա­կան է ա­նոնց հետ աշ­խա­տի­լը:

-Իսկ այդ խա­ւը Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձո՞ղ է:

-Այս­տեղ ապ­րող կան բազ­մա­թիւ հա­յեր, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նին ի­րենց տու­նե­րը, գոր­ծա­տե­ղի­նե­րը, եւ ա­նոնք ոչ թէ ան­հատ­ներ են, որ ե­կած են Հա­յաս­տա­նէն, այլ սփիւռ­քի տար­բեր հա­մայնք­նե­րէ ե­կած հա­յեր են, ո­րոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նին ի­րենց սե­փա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ տա­րուան մէկ մա­սը այս­տեղ կ՚անց­ը­նեն, միւս մա­սը՝ այն­տեղ: Չեմ կրնար ը­սել, որ կը վե­րա­դառ­նա՞ն, թէ ոչ, բայց բնա­կա­նա­բար հայ­րե­նի­քի հետ կա­պը կը պահ­պա­նեն, այդ մէ­կը միան­շա­նակ է, ձե­ւով մը, միտ­քով մը կա­պուած են Հա­յաս­տա­նին: Բա­ւա­կա­նին շատ կան հա­յաս­տան­ցի ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք կ՚ու­սա­նին զա­նա­զան բարձ­րա­կարգ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ, բնա­կա­նա­բար, ա­նոնք ուս­ման ա­ւար­տին պի­տի վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան:

-Թե­մին մէջ կ՚ընդգր­կուի նաեւ Իր­լան­տան: Ի՞նչ կրնաք ը­սել այդ տա­րածքաշր­ջա­նի հա­յե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին մա­սին:

-Իր­լան­տա­յի մէջ նոյն­պէս կ՚ապ­րին մե­ծա­թիւ հա­յեր, ո­րոնց կար­գին նաեւ՝ շատ մը հա­յաս­տան­ցի­ներ: Ա­նոնք ընդգր­կուած են ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մայն­քի ծխա­կան կեան­քի գոր­ծու­նէու­թեան մէջ, նաեւ կը նպաս­տեն հա­մայն­քի ինք­նա­կազ­մա­կերպ­մա­ն: Եւ կան նաեւ ու­սա­նող մաս­նա­գէտ­ներ, հայ ե­րի­տա­սարդ, ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, ո­րոնք աշ­խա­տան­քա­յին պայ­մա­նագ­րով կ՚աշ­խա­տին հոս, հիմ­նա­կա­նը՝ ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­նե­րու աս­պա­րէ­զէն։ Ի զար­մանս, ա­նոնք ե­կած, աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­սում ստա­նա­լէ յե­տոյ, ին­չ որ կը վկա­յէ, թէ մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գը ու­նակ է պատ­րաս­տե­լու այդ աս­պա­րէ­զին մէջ մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնց հետ Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի, Մեծն Բրի­տա­նիոյ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը աշ­խա­տան­քա­յին պայ­մա­նագ­րեր կը կնքեն:

Բո­լորն ալ կա­պուած են հա­յու­թեա­ն, ե­կե­ղե­ցիին, ի­րենց ար­մատ­նե­րէն չեն հե­ռա­ցած, այդ մէ­կը կ՚ար­տա­յայ­տուի ա­նով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան մեծ տօ­նե­րուն բազ­մա­թիւ հա­յեր կու գան: Մեր ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ Հայ­կա­կան տա­ղա­ւար­նե­րու տօնն է, որ ա­մէն տա­րի ա­ւան­դա­բար Յու­լիս ամ­սուան ըն­թաց­քին տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, եւ ո­րուն եր­կու-ե­րեք հա­զար հայ կը մաս­նակ­ցի: Ան ա­ւան­դա­բար տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Քեն­սինկ­թը­նի մէջ՝ Ս. Սար­գիս ե­կե­ղե­ցւոյ բա­կէն ներս, ուր տաս­նեակ տա­ղա­ւար­ներ կը զե­տե­ղուին եւ կը պատ­րաս­տուին հայ­կա­կան կե­րա­կուր­ներ։ Բա­ցի հա­յե­րէն, այլ ազ­գեր եւս ներ­կայ կ՚ըլ­լան, կը ծա­նօ­թա­նան մեր մշա­կոյ­թին:

-Իբ­րեւ Ձեր առ­ջեւ դրուած խնդիր, ի՞նչ ու­նիք ը­նե­լու՝ հա­մայն­քը հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին ա­ռու­մով ա­ւե­լի զօ­րաց­նե­լու հա­մար:

-Ա­ռա­ջին խնդի­րը հա­մայնք­նե­րու ծու­խե­րու ու­ժե­ղա­ցումն է: Նախ, կան հաս­տա­տուած ե­րեք ա­ւան­դա­կան ծու­խեր, ա­նոնք Լոն­տո­նի եր­կու ծու­խերն են՝ «Ս. Սար­գի­ս­»ի եւ «Ս. Ե­ղի­շէ»ի ծու­խե­րը, եր­րոր­դը՝ Մեն­չըս­թը­րինն է: Հաս­տա­տուած են չորս նոր ծու­խեր, մէ­կը՝ Տապ­լին, մէ­կը՝ Քար­տիֆ, մէ­կը Պիր­մինկ­համ, եւ չոր­րոր­դը՝ Օքս­ֆորտ, որ ա­ւե­լի շատ ու­սա­նո­ղա­կան հով­ուութ­իւնն է: Յա­մառ խնդի­ր մըն է զա­նոնք ու­ժե­ղաց­նե­լը, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չի­ւրը դառ­նայ ինք­նու­րոյն, ինք­նա­բաւ ծուխ: Այս­տեղ ե­ղած են թըրսթ­ներ՝ խնա­մա­կա­լու­թիւն­ներ, ծխա­կան հա­մայն­քա­յին կեանք չէ ե­ղած: Նո­րամ­ծու­թիւն է հա­մայն­քա­յին կեան­քը, զոր սկսած է ի­րա­կա­նաց­նել Վա­հան Սրբա­զան իր ա­ռաջ­նոր­դու­թեան տա­րի­նե­րուն։ Իսկ մենք այ­սօր կո­չո­ւած ենք այդ ծրա­գի­րը շա­րու­նա­կե­լու եւ ու­ժե­ղաց­նե­լու հա­մայնք­նե­րը:

Կան հա­յեր, ո­րոնք ցրուած են Մեծն Բրի­տա­նիոյ տար­բեր վայ­րե­րու մէջ եւ ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նին մաս­նակ­ցե­լու այս հա­մայնք­նե­րուն։ Ու­ղի­ներ կը փնտռենք քա­նի մը այլ փոք­րիկ հա­մայնք­ներ հաս­տա­տե­լու, մա­նա­ւանդ այն հա­յե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը գտնուին Լոն­տո­նէն հե­ռու եւ չեն այ­ցե­լեր «Ս. Սար­գի­ս» կամ «Ս. Ե­ղի­շէ»:

Հա­մայն­քա­յին կեան­քի կազ­մա­կեր­պու­մէն զատ մեր առ­ջեւ դրած ենք թե­մա­կան կա­նո­նադ­րու­թեան մշա­կումն ու ըն­դու­նու­մը:

Բա­ցի այդ, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ աշ­խա­տան­քը շատ կա­րե­ւոր է: Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կար­ծես թէ հե­ռա­ցած է ե­կե­ղե­ցիէն:

Թե­մէն ներս կը գոր­ծէ Ե­կե­ղե­ցա­սի­րաց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու միու­թիւնը, ա­մէն հա­մայնք ու­նի իր մաս­նա­ճիւ­ղը: Խնդի­րը ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցի բե­րելն է, աշ­խար­հի­կու­թիւ­նը շատ տա­րա­ծուած է, ե­րի­տա­սա­րդու­թեան մեծ մա­սը դժուա­րու­թիւն ու­նի հա­յե­րէն խօ­սե­լու, կը փո­րձենք թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րու, հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, նաեւ՝ օ­տար լե­զու­նե­րով քա­րո­զե­լու մի­ջո­ցաւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մօ­տեց­նել ե­կե­ղե­ցիին: Կը փոր­ձենք ոչ միայն կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, այլ նաեւ մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով ե­կե­ղե­ցիին մօ­տեց­նել զա­նոնք։

Հիմ­քե­րը դրուած են եւ այդ հիմ­քե­րու վրայ կը փոր­ձենք յա­ռա­ջա­նալ՝ ա­ռաջ­նոր­դուե­լով այն գա­ղա­փա­րով, թէ ե­կե­ղե­ցին բո­լո­րի տունն է, այն տա­նիքն է, ո­րու ներ­քեւ պի­տի հա­մախմ­բուին բո­լո­րը: Բո­լորն ալ այն կար­ծի­քը ու­նին, որ կայ նաեւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կեդ­րո­նի մը, ուր կը հա­մախմ­բուին բո­լո­րը՝ մշա­կու­թա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, կրթա­կան բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: Օդի ու ջու­րի պէս նոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կա­րիք ու­նինք, ե­ղած ու­ժե­րը քիչ են: Այդ հար­ցով Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ար­դէն ա­ջակ­ցած է, ար­դէն մէկ հո­գի ծա­ռա­յու­թեան կո­չած է՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի միա­բան Հո­գշ­. Տ. Վռամ Ա­բե­ղայ Ղա­զա­րեա­նը, որ շու­տով կը ժա­մա­նէ, բայց փոքր հա­մայնք­նե­րը հով­ուե­լու հա­մար քա­հա­նա­նե­րու պա­կաս ու­նինք: Ես հա­ւա­տա­ցած եմ, որ միայն տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին կրնաս հաս­նիլ ա­մէն ին­չի։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016