ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գծին վրայ ե­րէկ գի­շեր նկա­տուե­ցաւ լա­րու­ծու­թեան զգա­լի աճ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րով հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ ար­ձա­կե­ցին շուրջ 1500 կրա­կոց։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րուն հա­ղոր­դում­նե­րով, ժա­մը 03.53-ի շուրջ նա­հա­տա­կուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը՝ Սի­մոն Ճաւր­շեան (1996)։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մօտ։

Դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ճշդե­լու հա­մար ձեռ­նար­կուած է քննու­թեան։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016