Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՍԷՐ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլու այց մը տուաւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը, ուր ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Սա Սիպիլի կողմէ սիրոյ արտայայտութիւն մը, զօրակցութեան դրսեւորում մըն էր այս հաստատութեան նկատմամբ։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի գլխաւորութեամբ ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ բոլոր պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին յայտնի մեներգչուհին, որ յաջողեցաւ գրաւել բոլորին սիրտը։
«Այս երախաներէն իւրաքանչիւրը ադամանդ մըն է», ըսաւ Սիպիլ արտայայտելով իր յուզումը։ Ան նաեւ քանի մը երգ ձօնեց տղոց։
Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2016