ՄԱՀ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆԻ
Երէկ երեկոյեան Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքեց բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան: Պոլիս ծնած Ֆազլեան կը համարուի լիբանանեան թատրոնի կարեւոր կերտիչներէն մին: Մասնաւորապէս Ռահպանի եղբայրներուն եւ Ֆէյրուզի հետ իր համագործակցութեամբ՝ Ֆազլեան յաջողած է կերտել լիբանանեան թատրոնի ոսկի օղակներէն մին: Ֆազլեան կարեւոր ներդրում ունի նաեւ լիբանանահայ թատրոնի մօտիկ անցեալի պատմութեան մէջ: Ան հանդէս եկած է տասնեակ շարժանկարներու մէջ եւ բեմ հանած՝ մեծ թիւով թատերական բեմադրութիւններ: Մտաւորական Ֆազլեան նոյնպէս իր ուրոյն տեղը ունեցած գաղութի մտաւորական շրջանակներուն մօտ եւ անոր կեցուածքները կ՚ընկալուէին խորագոյն յարգանքով: Ան, որպէս թատրոնի եւ թատերական նիւթերու դասախօս, յայտնի անուն մըն է Լիբանանի համալսարանական շրջանականերէն ներս եւ արժանացած է տեղական մտաւորական եւ գեղարուեստի շրջանակներու յարգանքին: Ֆազլեան ամուսինն է գեղանկարիչ Սիրվարդ Ֆազլեանի եւ հայրը՝ Լիբանանի Սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Յարութ Ֆազլեանի: