ԿԻՍԱՆԴՐԻՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ բա­նա­սի­րու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, ֆա­քիւլ­թէի շէն­քի մուտ­քաս­րա­հին մէջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս բա­ցուե­ցան ե­րեք ան­մո­ռա­նա­լի ա­կա­դե­մի­կոս­նե­րու՝ Հրանդ Թամ­րա­զեա­նի, Ե­դուարդ Ջրբա­շեա­նի եւ Ար­սէն Տէր­տէ­րեա­նի կի­սանդ­րի­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ այս կի­սանդ­րի­նե­րուն հե­ղի­նա­կը ե­ղած է քան­դա­կա­գործ Տիգ­րան Մու­րա­տեան։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ա­րամ Սի­մո­նեան, Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան, Հայ գրա­կա­նու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Արծ­րուն Ա­ւա­գեան, Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեան, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ յայտ­նի բա­նա­սէր­ներ, գրա­կա­նա­գէտ­ներ, գրող­ներ եւ ու­սա­նող­ներ։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Արծ­րուն Ա­ւա­գեան ը­սաւ. «Նպա­տակ ու­նինք յա­ւեր­ժաց­նել մեր բա­նա­սէր­նե­րուն ա­նու­նը, գոր­ծը եւ այն ներդ­րու­մը, զորս ա­նոնք ու­նե­ցած են հա­յոց լե­զուի եւ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։ Կա­րե­ւոր է, որ հայ ու­սա­նո­ղը ծա­նօթ ըլ­լայ ա­նոնց վաս­տա­կին, ի­մա­նայ, որ հայ բա­նա­սի­րու­թեան աս­պա­րէ­զէն ներս այս­պէս ա­կա­նա­ւոր մար­դիկ գոր­ծած են։ Ա­նուա­նի գրա­կա­նա­գէտ­նե­րու վաս­տա­կը ոչ միայն գե­ղա­րուես­տա­կան, այ­լեւ գի­տա­կան ար­ժէք ու­նի։ Ա­նոնք կը գրէին ըն­թեր­ցուե­լու հա­մար եւ ար­ժա­նի են ու­նե­նա­լու կի­սանդ­րի­ներ՝ ի­րենց իսկ աշ­խա­տած կրթօ­ճախ­նե­րուն մէջ»։

Իր կար­գին, Ա­րամ Սի­մո­նեան ը­սաւ. «Այ­սօր իս­կա­պէս նշա­նա­կա­լի օր մըն է Թամ­րա­զեան, Ջրբա­շեան, Տէր­տէ­րեան. ա­նուն­ներ, ո­րոնք սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կած են, ա­նոնք ար­ժա­նի են յի­շուե­լու։ Այս բա­նա­սէր­նե­րը հետք թո­ղած են մեր հա­սա­րա­կու­թեան կեան­քէն ներս, մեր երկ­րի գի­տու­թեան ու կրթու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ։ Կի­սանդ­րի­նե­րու բա­ցումն ալ ե­րախ­տա­հա­տոյց ըլ­լա­լու քայլ մըն է ա­նոնց չա­փա­զանց մեծ գոր­ծին հա­մար»։

­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էր Ե­դուարդ Ջրբա­շեա­նի դուստ­րը՝ Աշ­խէն Ջրբա­շեան, որ իր կար­գին ը­սաւ. «Այ­սօր մենք բո­լորս նուի­րուած ենք կրթա­կան գոր­ծին, բայց կրթու­թիւ­նը չի կրնար ծի­լեր տալ, ա­ռանց ան­ցեա­լի ա­ւան­դոյթ­ներն ու ար­ժէք­նե­րը յի­շե­լու։ Շատ յու­զիչ է, որ կը յի­շենք մեր ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ ա­նոնց թո­ղած ժա­ռան­գու­թիւ­նը իս­կա­պէս ու­ղե­նիշ է մե­զի հա­մար»։

­Հարկ է նշել, որ տա­րի մը ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս տե­ղադ­րուած էր նաեւ Գուր­գէն Սե­ւա­կի կի­սանդ­րին, իսկ յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սուի Մկրտիչ Մկրեա­նի եւ Յով­հան­նէս Բար­սե­ղեա­նի կի­սանդ­րի­նե­րուն զե­տե­ղուի­լը։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016