ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԱՐԳԵԼՔ

Ֆրան­սա­յի Մի­յէն քա­ղա­քին մէջ ար­գի­լուե­ցան թրքե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն դա­սե­րը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ ար­ձա­գանգ գտած այս կար­գադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած է տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տին՝ Ֆրան­սուա Պու­շէի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ան այս կար­գադ­րու­թիւ­նը հիմ­նա­ւո­րած է իր շրջա­նին մէջ դպրոց­նե­րէ ներս անվ­տան­գու­թեան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։

Թրքե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն օ­տար լե­զու­նե­րու դա­սա­ւանդ­ման դրուած ար­գել­քին կա­պակ­ցու­թեամբ Մի­յէ­նի Թրքա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Ֆա­րուք Պը­յըք բա­ցատ­րեց, թէ մայ­րե­նի լե­զուի ու մշա­կոյ­թի ծի­րէն ներս կը դա­սա­ւան­դուէին թրքե­րէն եւ ա­րա­բե­րէ­նը, իսկ ներ­կա­յիս ար­գելք դրուած է՝ անվ­տան­գու­թեան եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քի պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ Պը­յը­քի խօս­քով, սա ա­նար­դար ու քմա­հաճ կար­գադ­րու­թիւն մըն է, ո­րու դէմ պի­տի պայ­քա­րին, որ­պէս­զի դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րը վերսկ­սին։

Տե­ղա­կան թեր­թե­րը կը նշեն, թէ Ֆրան­սուա Պու­շէ ծա­նօթ է իր շրջա­նէն ներս ցե­ղա­պաշտ եւ հա­կաիս­լա­մա­կան գա­ղա­փար­նե­րով։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016