ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վի­րա­հա­յոց Թե­մը ան­ցեալ տա­րի շուրջ 250 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար ստա­ցաւ Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Վրաս­տա­նի Կրօ­նա­կան հար­ցե­րու պե­տա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան ղե­կա­վար Զա­զա Վա­շախ­մա­ծէ հան­դէս ե­կաւ տա­րե­կան հա­շուե­տուու­թեամբ, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ան­ցեալ տա­րի կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին։ Ըստ ի­րեն, Վրաս­տա­նի մէջ կրօ­նա­կան միա­ւո­րում­նե­րը պե­տու­թեան կող­մէ ան­ցեալ տա­րի ընդ­հա­նուր առ­մամբ շուրջ 1.4 մի­լիոն տո­լար օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­ցած են, իսկ այս տա­րուան հա­մար նա­խա­տե­սուած գու­մա­րը կը կազ­մէ 1.8 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Սոյն գու­մար­նե­րը նա­խա­տե­սուած են հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու աշ­խա­տա­վար­ձի եւ ա­նոնց կրօ­նա­կան գոր­ծու­նէու­թեան, կրօ­նա­կան շի­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգն­ման, կրօ­նա­կան միա­ւո­րում­նե­րու կեն­ցա­ղա­յին ծախ­սե­րուն, մշա­կու­թա­յին եւ բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016