ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԷ՛ՏՔ Է ՕՐԻՆԱՊԱՀ ԸԼԼԱԼ

«Ազատութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւն՝ գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ ու անկախ կերպով վճռելու կատարելիք գործերը։

Այս իմաստով ազատութիւնը կ՚ենթադրէ անկախօրէն շարժիլ եւ գործել ըստ իմացականութեան եւ կամքին։

Իսկ «օրէնք» կը նշանակէ՝ կենցաղի կանոն՝ հրահանգուած պատկան եւ իրաւասու իշխանութեան կողմէ, հասարակաց բարիքին եւ օգտին համար։ Ուստի օրէնքը՝ կեանքը կանոնաւորող եւ ընկերային յարաբերութիւնները բարեկարգող, կեանքի ընթացքը դիւրատար ընող սկզբունքներու, չափանիշներու համադրութիւնը՝ խմբաւորումն է։ Եւ ուրեմն «օրէնք»ը ընդհանուր առումով անհատականը եւ ընկերայինը ներդաշնակող միջոց մըն է։

Ազատութեան եւ օրէնքի, ինչպէս նաեւ օրինապահութեան, այսինքն՝ օրէնքի յարգանքի եւ հնազանդութեան, հպատակութեան բացատրութիւններէն կարելի է եզրակացնել, թէ՝ տրամագծօրէն այս երկու արժէքները «իրարու հակառակ գաղափարներ» ըլլալ կը թուին ընդհանրապէս։ Այս ուղղութեամբ կան մարդիկ եւ մանաւանդ դեռատի եւ անփորձ երիտասարդներ՝ որոնք արդիական, յառաջդիմական եւ լուսաւորեալ երեւելու համար անհրաժեշտ կը նկատեն կարծես օրէնքի դէմ ապստամբիլ, զայն անարգել եւ չհնազանդիլ անոր։ Եւ այս կը նկատեն շատեր ազատամտութիւն, լայնախոհութիւն եւ յառաջդիմութիւն։

Բայց այդ ուղղութեամբ մտածողներ եւ շարժողներ չարաչար կը սխալին։ Օրէնքի հանդէպ յարգանքի պակասը, ըմբոստացումը եւ ապստամբութիւնը ո՛չ թէ յառաջդիմութիւն եւ ազատութիւն, այլ ընդհակառակը տգիտութիւն, անխոհեմութիւն եւ մանաւանդ յետադիմութեան նշան է։ Արդարեւ տուեալ օրէնքը յարգել, անոր հնազանդիլ եւ հպատակիլ՝ քաղաքակրթութեան, մշակուած մտքի տէր ըլլալու եւ բարեկրթութեան ապացո՛յց է։

Ուստի բոլորովին սխալ է, ինչպէս ոմանք կը խորհին, կարծել, թէ օրէնքը, օրինապահութիւնը ազատութիւնը կը բռնաբարէ, կը կաշկանդէ, անոր գործունէութեան արգելք կը հանդիսանայ եւ կամ կը չէզոքացնէ, անզօրութեան կը մատնէ եւ կը հակակշռէ զայն։ Կան խորհողներ, որ կը կարծեն, թէ որպէսզի ազատ ըլլան, պէտք է օրէնքէ զերծ եւ օրէնքի տրամադրութիւններէն դուրս, իբր թէ անկախ ապրիլ։ Ասոնք ալ չարաչար կը սխալին, քանի որ կը կարծեն, թէ ո՛ւր որ օրէնքը կը տիրէ՝ հոն ազատութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ…։

Բայց ըստ կեանքի ընդհանուր փորձառութեան եւ պատմական դէպքերու վկայութեամբ, իրականութիւնը այն է, թէ օրէնքը ո՛չ միայն չի բռնաբարեր կամ խեղդամահ չ՚ըներ ազատութիւնը, այլ մանաւանդ կ՚երաշխաւորէ, կ՚աշխուժացնէ, կ՚ոգեւորէ եւ կը պահպանէ զայն։ Այլապէս ազատութիւնը բո՛ւն իսկ իր գոյութիւնը եւ գոյատեւութիւնը կը պարտի օրէնքի։

Օրէնքը կ՚երաշխաւորէ, կը հաստատէ ազատութիւնը եւ ան վստահելիութիւնը, գրաւականը եւ անվտանգութեան երաշխաւորը, յանձնառուն է ազատութեան։ Մէկ խօսքով, եթէ «օրէնք» չկայ, ապա ուրեմն «ազատութիւն» ալ գոյութիւն չ՚ունենար։ Եւ հոն ուր որ օրէնք չկայ, հոն քաոսային վիճակ կը տիրէ։

Օրէնքի եւ ազատութեան այս փոխադարձ ազդեցութիւնը չի կարծուի, թէ միայն մարդկային փոխյարաբերութիւններու՝ անհատական եւ ընկերային կեանքի մէջ գործադրելի է, այլ ամբողջ բնութեան մէջ։ Զոր օրինակ, տիեզերքը հրաշակերտ մեքենայ մըն է, քանի որ ան բնական օրէնքի, կանոնի մը համաձայն կը շարժի։ Արդարեւ, տիեզերքը «բնական օրէնք»ին շնորհիւ է, որ կը շարժի, կը գործէ առանց խառնաշփոթութեան, առանց աղմուկի, առանց բաղխումներու, այլ՝ հիանալի՜ ներդաշնակութեամբ, կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ, հաւասարակշռութեամբ եւ հրաշալի՜ կանոնաւորութեամբ։

Արդարեւ, ո՛ւր որ օրէնք կայ, կանոն կայ, հոն կարգապահութիւն կայ, ներդաշնակութիւն կայ, ի՛նչ որ ազատութեամբ շարժելու առիթ կու տայ։

Եւ ինչպէս ինքնագլուխ եւ քմայական տիեզերք մը «տիեզերք» պիտի չըլլար, այլ՝ քաոս մը, վիհ մը միայն, այնպէս ալ՝ քմահաճ եւ կամայական անհատներէ կազմուած ընկերութիւն մը՝ «ընկերութիւն» պիտի չըլլար, այլ՝ անկազմ, անկերպարան, անմիաբան ամբոխ մը, բազմութիւն մը միայն։

Ֆիզիքական աշխարհը լացուն է ճշմարտութիւններով, որուն իւրաքանչիւրը օրէ՛նք մըն է եւ կանոն մը։ Այս ճշմարտութիւնները կ՚արտայայտուին «ֆիզիքական օրէնք»ներով եւ այդ օրէնքներու հնազանդելով ու հպատակելով է, որ մարդ կրնայ պահել ու ապահովութեան տակ առնել իր ֆիզիքական գոյութիւնը եւ գոյատեւել։ Եթէ չըլլային այդ ֆիզիքական եւ բնական օրէնքները, այլապէս մարդ ինչպէ՞ս պիտի կարենար իր կեանքը ապահովել, պահել եւ տեւականացնել։ Եւ մարդ, այդ ֆիզիքական-բնական օրէնքներուն հնազանդելուն եւ հպատակելուն շնորհիւ է, որ յաջողութիւն, երջանկութիւն, ազատութիւն եւ կեանք կը վայելէ։ Մարդ կրնայ, թէ որ ուզէ, ըմբոստանալ օրէնքի դէմ, բայց չի՛ կրնար զայն կոտրել, քանի որ օրէնքը կը կոտրէ զինք։ Եւ մարդուն ապստամբութեան պատճառով ֆիզիքական-բնական օրէնքները չեն վնասուիր, այլ ի՛նքն է որ կը վնասո՛ւի։

Բնութիւնը, արդարեւ մարդս իր ստրուկը կ՚ընէ, երբ ան, անոր դէմ անհնազանդութեամբ կը վարուի։ Իսկ միւս կողմէն, բնութիւնը ինքզինք մարդուս տրամադրութեան ներքեւ կը դնէ, անոր սպասաւորութիւն կ՚ընէ, երբ որ մարդը իրեն հպատակի, հնազանդի։ Եւ այս ճշմարտութիւնը աւելի եւս զգալի կ՚ըլլայ, երբ նկատի առնուի առողջապահական օրէնքները։ Մարդ երբ կը հնազանդի առողջապահական օրէնքներու՝ ազատ է առողջ կեանք մը ապրելու, առողջութիւն վայելելու։

Ուրեմն կը տեսնուի, թէ՝ օրէնքի հնազանդութեան պարագան ուղիղ կը համեմատի ազատութեան վայելումի վիճակին հետ։ Մարդ ա՛յնքան ազատ է՝ որքան օրէնքները կը յարգէ, կը հնազանդի ու կը հպատակի անոնց տրամադրութեան։ Մարդուս մարմինը՝ որպէսզի իր առողջութիւնը, կենսունակութիւնը, զօրութիւնն ու ուժերը, նոյնիսկ ընդհանուր գեղեցկութիւնը կարենայ պահել, պէ՛տք է, որ կարգ մը օրէնքներու հնազանդի ենթական, ապա թէ ո՛չ կը հիւանդանայ՝ կը մաշի ու կը վնասուի։ Այն որ առողջապահական օրէնքները չի յարգեր, կ՚ապստամբի անոնց դէմ, յանուն ուտելու-խմելու ե՛ւ ծխելու, սանձ չի դներ ախորժակին ու հաճոյքին, իր հաճոյքին ազատութեան համար կը զոհէ առողջութիւնը, անշո՛ւշտ կը տուժէ նոյնիսկ իր կեանքով։ Ուստի օրէնքի հպատակիլ երբե՛ք գերութիւն կամ ստրկութիւն չէ՛, այլ ազատութի՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 8, 2016, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 18, 2016