ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կի մօ­տա­կայ­քին կը շա­րու­նա­կուի վար­չա­կան նո­րա­կա­ռոյց ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րին շի­նա­րա­րու­թիւ­նը։ Պե­տա­կան այդ մեծ վար­չա­կան շէն­քէն ներս պի­տի գոր­ծէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի շա­հա­գործ­ման յանձ­նուե­լուն ըն­դա­ռաջ ար­դէն կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին վեր­ջին աշ­խա­տանք­նե­րը։ Լու­սան­կա­րին մէջ վար­պետ­նե­րը կ՚ե­րե­ւին հա­մա­լի­րի ճա­կա­տի պա­տին վրայ փո­րագ­րում­ներ ը­նե­լու ժա­մա­նակ

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016