ՄԱՀ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԵՄԻՐՃԻԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու հա­մակ­րե­լի դէմ­քե­րէն, ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ազ­նիւ սպա­սա­ւոր Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լու։ Ա­ւե­լի քան տա­րիէ մը ի վեր ան կը գտնուէր բժշկա­կան խտա­ցեալ խնամ­քի տակ։

Անդ­րա­նիկ Սրկ. Տե­միր­ճիօղ­լու, որ Կէ­տիկ­փա­շա­յի ըն­տա­նի­քին ծա­նօթ ա­նուն­նե­րէն մին է, ա­ւե­լի քան տա­րի մը ա­ռաջ ա­նակն­կա­լօ­րէն ան­ցու­ցած էր ծանր հի­ւան­դու­թիւն մը։ Ու­ղե­ղի ա­րիւ­նա­հո­սու­թեան հե­տե­ւան­քով ան կորսն­ցու­ցած էր իր գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ առ­նուած՝ բժշկա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։ Թէ՛ ի­րեն ցու­ցա­բե­րուած մաս­նա­գի­տա­կան օգ­նու­թիւ­նը եւ թէ ըն­տա­նի­քին ջերմ խնամ­քը դժբախ­տա­բար մնա­ցին ան­բա­ւա­րար եւ ան այս շա­բա­թա­վեր­ջին աչ­քե­րը փա­կեց կեան­քին՝ խոր սու­գի մատ­նե­լով իր ըն­տա­նիքն ու բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կը։ Ան կ՚ան­դա­մակ­ցէր Կէ­տիկ­փա­շա­յի Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին, սպա­սա­ւո­րու­թիւն մա­տու­ցած էր նաեւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք իր բա­րի հոգ­ւոյն ու կը ցա­ւակ­ցինք իր այ­րիին եւ զա­ւակ­նե­րու­ն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016