Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Սրբազնութիւնը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նստաշրջանին։
Ընդհանուր Փոխանորդը այս առաւօտ մեզի յայտնեց, թէ ժողովները ընթացած են նախատեսուած հունին մէջ եւ օրակարգին վրայ գոյութիւն չունէր նիւթ մը, որ արտասովոր նշանակութիւն կը ներկայացնէ մեր համայնքին կամ Պատրիարքական Աթոռին տեսակէտէ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016