ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿԻ ՄՕՏ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պուն­տես­տա­կի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ նշուած է, թէ յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տու­ցուի հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ոճ­րա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։

Նա­խա­տե­սուած քննար­կու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Պուն­տես­տա­կի «Դա­շինք  90/կա­նաչ­ներ» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահն է Ճէմ Էօզ­տե­միր։ Հայ­կա­կան հար­ցի քննարկ­ման հա­մար 45 վայր­կեան ժա­մա­նակ յատ­կա­ցուած է Պուն­տես­տա­կէն ներս։

Վե­րո­յի­շեալ կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոր հա­մա­նա­խա­գա­հը բազ­միցս դա­տա­պար­տած են  հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ յոր­դո­րե­լով, որ Թուր­քիա ըն­դու­նի պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը եւ ա­ռե­րե­սուի կա­տա­րուա­ծին հետ։

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը 2005 թուա­կա­նին ըն­դու­նած էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ճա­նաչ­ման ուղ­ղեալ ո­րո­շում մը։ Պուն­տես­տա­կի այդ ո­րոշ­ման մէջ չէր օգ­տա­գոր­ծուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան եզ­րը, այլ նշուած էր «հա­յոց կո­տո­րած­ներ» ո­րա­կու­մը։ Ան­ցեալ տա­րուան  Մար­տին Պուն­տես­տա­կի նա­խա­գահ Նոր­պերթ Լա­մերթ յայտ­նած էր, թէ Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն ներս Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ժա­մա­նակ՝ ամ­բողջ աշ­խար­հի աչ­քին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մըն էր։ Նոյն­պէս ան­ցեալ տա­րի, Պուն­տես­տա­կէ ներս Ապ­րի­լի 24-ի լսում­նե­րէն ա­ռաջ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր յայ­տա­րա­րած էր, որ ինք կող­քին է այն պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք կողմ­նա­կից են հա­յոց զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ա­նուան­ման։ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաուքն ալ ան­ցեալ տա­րի Ապ­րի­լի 23-ին, Պեր­լի­նի Մայր տա­ճա­րին մէջ մաս­նակ­ցած էր ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մը, ո­րու ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ե­լոյ­թին շրջագ­ծով օգ­տա­գոր­ծած՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րոյ­թը։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016