Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Նիւ Եորք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի յիսնամեայ յոբելեանին նուիրուած նախարարներու մակարդակով հանդիպման մը։
Նախարար Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ զանազան երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ։
Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2016