ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց հոգելոյս Յակոբ Պատրիարք Նալեանի «Մեկնողական աղօթք Սրբալոյս Իւղ Միւռոնի մասին» (Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ՂԳ գլխի մեկնութիւն) աշխատութիւնը։ Այս գործը գրաբարէ աշխարհաբարի վերածած է Ցոլակ Սրկ. Յարութիւնեան։
Յակոբ Պատրիարքը (1706-1764) իր այս երկին մէջ ի թիւս Հայ Եկեղեցւոյ արարողակարգին, պաշտամունքային եւ ծիսադաւանաբանական սահմանումներուն վերաբերեալ այլ հարցերու, անդրադարձած է նաեւ Սրբալոյս Միւռոնի խորհուրդին ու կիրառութեան։ Երանաշնորհ Պատրիարքը, մեկնելով Նարեկի ՂԳ գլուխը, հանգամանօրէն կը բացատրէ Սրբալոյս Միւռոնի գործնական ազդեցութիւնը մարդկային բանականութեան ու հոգիին վրայ։
Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։