ՎԵՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Վա­հէ Օ­շա­կա­նի (1922-2000) հրա­պա­րա­կա­յին մէկ բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը, - Հա­մազ­գա­յի­նի կող­մէ իր գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան յիս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րէն մէ­կը, - 3 Հոկ­տեմ­բեր 1995-ին, Պուրճ-Հա­մու­տի (Պէյ­րութ) Յա­կոբ Տէր Մել­քո­նեան թա­տե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած, ի­մաստ մը ու­նե­ցած էր: Ոչ, ա­ռա­ջին հեր­թին, ա­նոր բո­վան­դա­կու­թեան ար­տա­սո­վոր ու խռո­վիչ նկա­րագ­րին պատ­ճա­ռով: «Վա­հէ Օ­շա­կան մե­ղուին ծա­կը փայ­տի չէօփ խո­թողն է», ը­սեր էր թե­րեւս տա­րի մը ա­ռաջ, իր հան­դարտ ու ե­ղա­նա­կա­ւոր ո­ճով, Գրի­գոր Շա­հի­նեան (1930-2009), Օ­շա­կա­նի նուի­րուած բա­նա­խօ­սու­թեան մը ըն­թաց­քին: Ան­շուշտ այդ չէօ­փը միշտ ներ­կայ է իր գրա­կա­նու­թեան է­ջե­րուն մէջ ու ա­նոր կեդ­րոնն իսկ կը ցցուի: Օ­շա­կա­նի յի­շեալ բա­նա­խօ­սու­թիւ­նը կա­րե­լի է կար­դալ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «Հասկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ (թիւ 2-3, Փետ­րուար-Մարտ, 2011, էջ 150-158): Բա­նա­խօ­սու­թեան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը չէ հոս այս ակ­նար­կին ա­ռար­կան, այլ՝ այ­լի­մաս­տը:

Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հոն տես­նե­լով կ՚ապ­րէի, որ քիչ թէ շատ պաշ­տօ­նա­կան բնոյթ ու­նե­ցող այդ ե­լոյ­թէն ետք, բա­նա­խօ­սը, բարձ­րա­խօ­սը ձեռ­քը ա­ռած, բե­մէն վար կ՚իջ­նէր ու զրոյ­ցի կը մտնէր ներ­կայ հան­րու­թեան հետ, այդ սրա­հին մէջ, հե­տե­ւեա­լը ը­սե­լէ ետք. «Խօս­քիս պաշ­տօ­նա­կան մա­սը վեր­ջա­ցաւ, հի­մա զրոյ­ցի պահն է. ով որ ժա­մա­նակ չու­նի՝ կրնայ եր­թալ»: Խօս­քը վե­րէն վար կ՚իջ­նէր, վե­րուստ ի վայր կը պատ­ռուէր: Որ­քան կը յի­շեմ՝ սրա­հէն մեկ­նող չէր ե­ղած: Յե­տոյ Օ­շա­կան սկսեր էր բաց զրոյ­ցի մը ներ­կա­նե­րուն հետ, հար­ցում­ներ դնե­լով, պա­տաս­խան­նե­րու սպա­սե­լով, զա­նոնք կո­չե­լով: Բա­նա­խօ­սու­թեան մը յա­ջոր­դող սո­վո­րա­կան հար­ցում-պա­տաս­խա­նի մթնո­լոր­տը չէր այս մէ­կը, ո­րուն ծա­նօթ էինք ար­դէն: Ա­ռա­ջին ան­գամն էր, ա­յո, որ բե­մէն էջ­քի մը ու ա­նոր հե­տե­ւած ծա­փե­րուն տուն եր­թալ մը չէր յա­ջոր­դեր, կամ՝ նստիլ ու յա­ջորդ խօ­սո­ղին ա­կանջ տալ մը, կամ՝ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գի­րի մը ընդ­մի­ջու­մը: Խօս­քին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կ՚ար­ծար­ծուէր զրոյ­ցի մը մի­ջո­ցաւ. զրու­ցա­բա­նու­թիւն մը, ե­թէ կ՚ու­զէք, որ կը մեկ­նի զրոյ­ցէն, ա­նոր վրա­յէն թռիչք կ՚առ­նէ եւ կրնայ տար­բեր տե­ղեր հաս­նիլ: Ա­սի­կա պահն է, ուր «ի վե­րայ»ն, «ի մա­սին»ը բեմ կ՚ել­լեն, ու զրու­ցո­ղը վար կ՚իջ­նէ, ինքն իր տե­ղէն քայլ մը ետ կ՚եր­թայ, յետզ­րոյ­ցը կազ­մա­ւո­րում կ՚առ­նէ իր­մէ ա­ռաջ, իր­մէ յա­ռաջ կու գայ ան: Ինք պէտք է ա­նոր հա­մար, սա­կայն միայն ինք չի բա­ւեր ա­նոր յա­ռա­ջաց­ման հա­մար: Խօս­քէն (հ­)ետք եր­թալ ա­նոր ընդ ար­ձակ­ման: Պաշ­տօ­նա­կան խօս­քէն ետք՝ յե­տա­բա­նու­թեամբ մը մնալ խօս­քին մէջ, տեղ­ւոյն վրայ, ա­ւե­լի ա­զատ: Խօ­սուա­ծին վե­րա­բե­րու­մը բա­նալ: Շա­րու­նա­կուող, ար­ձա­գան­գող, տար­բե­րուող, եւ ոչ թէ՝ հար­ցու­մի պա­տաս­խա­նող, լու­սա­բա­նող: Երբ ա­ռա­ջին ու պաշ­տօ­նա­կան խօս­քը կը կի­սուի, կը ճեղ­քուի մէջ­տե­ղէն ու ծիլ կ՚ար­ձա­կէ, եր­կա­բա­նե­լով կ՚երկ­նե­բա­նի:

Կը կար­ծեմ որ հի­մա ալ, բա­նա­խօ­սու­թե­նէն ա­ւե­լի քան քսան տա­րի ետք, ե­թէ նոյն տե­ղը նոյն բա­նը պա­տա­հի՝ նոյն­պէս պի­տի զար­մա­նամ: Զար­ման­քը այս­տեղ հրճուան­քի մը կ՚ըն­կե­րա­նայ, փա­կու­ղի մը չէ. հրճուախ­ռովք մը, ը­սեմ, որ անս­պա­սե­լի ե­րե­ւոյ­թի մը դի­մաց քե­զի մար­տահ­րա­ւէր մը կ՚ուղ­ղէ, սո­վո­րա­կա­նէն տար­բեր մօ­տե­ցում ու­նե­նա­լու: Ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը, ու­րեմն, մէ­ջէդ դուրս կը հա­նէ ար­տա­սո­վո­րին հան­դէպ զգայ­նու­թիւն մը: Ի՛ր ար­տա­սո­վո­րը քեզ­մէ՛ ար­տա­սո­վոր կը պա­հան­ջէ: Խօս­քը կը դառ­նայ քե­զի՛ ուղ­ղուած. ան իր ու­ղին կը յստա­կաց­նէ: Կը բա­ցուիս ա­նոր դի­մաց, կ՚ըն­դար­ձա­կուիս թե­րեւս, խօս­քին պէս ու մէջ դուն ալ, կը դառ­նաս զգա­յուն. ո­ճը, մե­թո­տը, կեր­պը քեզ կ՚առ­նէ:

Օ­շա­կա­նի մա­սին հե­տաքրք­րա­կան յուշ մը պատ­մած էր, ա­տե­նին, Դպրե­վան­քի մեր ու­սու­ցիչ­նե­րէն ու ա­նոր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րէն՝ Գէորգ Գան­տա­հա­րեան.- Օր մը, բա­նա­խօ­սու­թեան մը սկսե­լէ ա­ռաջ, Օ­շա­կան, դեռ բառ մը չար­տա­սա­նած՝ սե­ղա­նին վրայ դրուած ջու­րի գա­ւա­թը գե­տին կը շպրտէ­…ան­շուշտ ցնցե­լով ու զար­մաց­նե­լով ներ­կա­նե­րը: Գան­տա­հա­րեան կը բա­ցատ­րէր, որ ան այս ա­րար­քով ու ան­կէ ետք կա­տա­րած լու­սա­բա­նու­թեամբ կ՚ու­զէր ցոյց տալ, թէ ճի՛շդ ինչ­պէ՞ս քան­դում մը կը կա­տա­րուի: Կա­տա­րո­ղա­կան այս ձե­ւին կամ նման բա­նի սպա­սու­մով ես ալ գա­ցեր էի, թե­րեւս, քսան տա­րի ա­ռա­ջուան վի­ճա­կի մը մէջ, այդ բա­նա­խօ­սու­թեան, եւ կը կար­ծեմ որ աս ի­մաս­տով յու­սա­խաբ չէի ե­ղած: Գան­տա­հա­րեա­նին պատ­մած այդ դրուա­գը ար­դէն խմո­րած էր ակն­կա­լի­քը պա­տա­հա­րի մը, որ պէտք է ըլ­լար, որ կա­պուած էր տուեալ ան­ձին, գոր­ծին կողքն ի վեր՝ ան­ձա­գոր­ծին: Գա­ւաթ չէր շպրտած ան, սա­կայն բարձ­րա­խօ­սը ձեռք առ­նե­լով, խօս­քին տուած բաց ըն­թացք ու ծա­ւա­լու­մի կա­րե­լիու­թիւն:

Ար­տա­քին, թե­րեւս ոչ այն­քան մի­ջու­կա­յին թուող այս ձեւն է որ կ՚ու­զեմ հոս ընդգ­ծել, բո­վան­դա­կա­յին ման­րա­մաս­նու­թիւն հիմ­նա­ւո­րող, զայն դի­մա­ւո­րող: Եւ կրնամ ը­սել, որ նման ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնք կրնան նաեւ ի­րենց բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ի­րենց հետ բե­րել, ընդ­հան­րա­ցած չեն մեր քով, չը­սե­լու հա­մար՝ հա­զուա­դէպ են կամ չկան: Շուրջ քսան տա­րի ա­ռա­ջուան այդ խլրտու­մին վե­րա­զարթ­նումն է որ հի­մա ու­նիմ եւ զայն կ՚ընդգ­ծեմ իբ­րեւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը խօս­քին բազ­մա­հու­նաց­ման հա­մար:

Կը յի­շեմ գի­տա­կան-աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում մը Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր զե­կու­ցա­բեր­ներ ի­րենց ե­լոյթ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէին ու հեր­թա­բար… կը մեկ­նէին սե­նեա­կէն, ա­ռանց զե­կոյ­ցին յա­ջոր­դող քննարկ­ման կամ զրոյ­ցին ներ­կայ գտնուե­լու: Այ­սինքն ճիշդ հա­կա­ռակ շար­ժում մը՝ վե­րը նկա­րագ­րուա­ծին: Օ­շա­կա­նին բա­նա­խօ­սու­թեան յա­ջոր­դող այդ մա­սը ներ­կա­յա­ցում մը չէր ին­քին, չու­նէր ալ պարտ­քը՝ դէ­պի զրոյ­ցի դաշտ բա­ցուե­լու: Իր անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան կնի­քը կը կրէր այդ երկ­րորդ բա­ժի­նը, որ­քան որ գի­տեմ. քաղցր ինք­նա­պար­տադ­րանք մը, թե­րեւս: Ե­րե­ւա­նի պա­րա­գա­յին, ծրագ­րին մէջ գու­ցէ կա՛ր քննար­կում-զրոյ­ցը եւ ա­նոր հար­կը, սա­կայն ա­նոր գո­յու­թիւ­նը ինք­նա­բե­րա­բար կը ջնջուէր, ո­րով­հե­տեւ մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը կը ջնջէին: Այս հա­կա­դիր բե­ւեռ­նե­րը՝ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն եւ ծրագ­րի ջնջում, այ­սինքն չնա­խած­րագ­րուած տեղ՝ ա­ռա­ջադ­րուած ծրա­գիր (Օ­շա­կա­նի պա­րա­գա­յին) ու նա­խած­րագ­րու­մէն ար­տաք­սուած ծրա­գիր (Ե­րե­ւա­նի պա­րա­գա­յին) ի­րա­րու դէմ բռնած, կ՚ու­զեմ տես­նել զրոյ­ցին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը իբ­րեւ խօս­քի երկ­րո՛րդ մաս:

Զրու­ցե­լու սկսե­լով, բե­մէն վար ի­ջած, Օ­շա­կան նաեւ չէր վա­րա­ներ ներ­կա­նե­րուն կար­ծի­քը հարց­նել: «Ե­րուա՛նդ», ը­սաւ, ուղ­ղուե­լով ներ­կա­նե­րէն պատ­մա­բան Ե­րուանդ Փամ­պու­քեա­նին, «ի՞նչ կ՚ը­սեն պատ­մա­բան­նե­րը ա­սոր մա­սին»: Ու­րի­շի մը իր ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը յայտ­նե­լով՝ «կար­ծեմ նոյն լե­զուով չենք խօ­սիր…», ը­սեր էր:

Պէտք է հոս կողմ­նա­կի յի­շեմ նաեւ մեր կրօն­քի ման­կա­վար­ժու­թեան Փրոֆ. Հել­մութ Հա­նի­շը (ա­կան­ջը խօ­սի՛, զի ա­կանջն ալ խօ­սող է), որ իր դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րը (Vorlesung), - ո­րոնք ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան՝ միայն ու­սու­ցա­նող դա­սա­խօ­սին կող­մէ կը պատ­րաս­տուին ու կը մա­տու­ցուին, իսկ ըն­կա­լող ու­սա­նո­ղը կու գայ, մտիկ կ՚ը­նէ, կը նօ­թագ­րէ ու կը մեկ­նի. թէեւ դա­սա­խօս­նե­րէն ո­մանք նաեւ վեր­ջին քա­նի մը վայր­կեա­նը հար­ցում­նե­րու կը յատ­կաց­նեն կամ կը թոյ­լատ­րեն ընդ­մի­ջուիլ, չհասկ­ցուած բառ մը կամ խօսք մը վերս­տին բա­ցատ­րե­լու հա­մար. իր դա­սա­կան ձե­ւին մէջ, սա­կայն, այդ տի­պի դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը հոսք մըն է ու­սու­ցա­նո­ղի՝ վար­դա­պե­տո­ղի ա­նընդ­մէջ ներ­կա­յաց­ման, - կը կի­սէր ու­սա­նող­նե­րուն հետ, կը փռէր տե­սու­թիւն­նե­րը, դրոյթ ու հա­կադ­րոյթ, եւ յան­կարծ, ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խազ­գու­շաց­ման, կը հարց­նէր այ­սինչ կամ այ­նինչ ու­սա­նո­ղին՝ տուեալ տե­սու­թեան վե­րա­բե­րող ա­նոր անձ­նա­կան կար­ծի­քին մա­սին, ու չէր բա­ւա­րա­րուեր կարճ կամ ամ­փոփ պա­տաս­խան­նե­րով. երկ­րորդ, եր­րորդ հար­ցու­մով մը կրնար ա­ւե­լի խո­րե­րը եր­թալ, ան­կէ եւս ու­րի­շի մը անց­նիլ եւ ա­ւե­լի ուշ վար­պե­տօ­րէն կը վե­րա­դառ­նար ճիշդ այն կէ­տին, ուր­կէ կա­տա­րած էր ընդ­հա­տու­մը: Այս ձե­ւով նաեւ ան զգաստ կը պա­հէր ու­սա­նո­ղը, զայն վե­րա­ծե­լով պար­տա­դիր ունկն­դի­րի: Այս շատ անձ­նա­կան երկ-խօ­սու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ կապ ու­նէր իր ման­կա­վար­ժա­կան դա­սա­նիւ­թին էու­թեան հետ: Ա­նոր կեդ­րո­նէն կը մեկ­նէր:

Հարկ մըն է հոս հաս­տա­տել, շատ ո­րո­շա­կի, որ Օ­շա­կան իր գի­րով ու բա­նով կրնար մղել: Իր հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը միշտ հե­ռա­հաս չէին, կա­րե­լի էր եր­բեմն կէս ճամ­բէն ետ դառ­նալ, սա­կայն մղիչ էին յա­ճախ, թե­րեւս կէս ճամ­բէն ու­րիշ (եր­բեմն նաեւ սխալ՝ ծռա­ծին ու­ղի մը տա­նող), սո­վո­րա­կա­նա­ցա­ծէն տար­բեր, եր­բեմն դէ­պի ան­հար­թու­թիւն: Գի­տենք, որ թէ՛ հօր թէ՛ իր պա­րա­գա­յին՝ ճա­կատ­ներ կազ­մուած են: Կամ օ­շա­կա­նեան ես, կամ՝ չես: Կամ կը սի­րես կամ չես սի­րեր: Այս­պի­սի դէմ­քեր ան­տար­բեր չեն թո­ղուր առ­հա­սա­րակ: Ծա­նօթ է միւս կող­մէ ալ, որ հայ գրա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, դեռ կողմ­նակ­ցա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րէ վեր չէ բարձ­րա­ցած՝ հաս­նե­լու հա­մար ան­ձե­րուն կող­մէ, բայց ա­նոնց­մէ վեր դրուած հար­ցե­րուն: Ի վեր­ջոյ ան­ձերն ալ «ծա­ռա­յող»ի դեր մը ու­նին ու ի­րենց­մէ վեր կը բռնեն հար­ցե­րը, թէեւ կրնան տա­րուիլ ա­նուն կամ վաս­տակ ու­նե­նա­լու մարդ­կա­յին բնա­կան փա­ռա­սի­րու­թիւն­նե­րէ: Գրա­կա­նու­թեան մէջ կանգ­նող ո՞ր գրո­ղը չի գի­տեր, թէ «իր» հար­ցե­րը «իր­մէ ան­ցած» հար­ցեր են նախ եւ ա­ռաջ, ու թե­րեւս՝ միա՛յն, «զինք» ու­նե­նա­լով անց­ման կէ­տե­րու վրայ բաշ­խուած: «Տղաս ալ սկսած է գրել: Օ­շա­կան­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին գլխուն փոր­ձանք են», կ՚ը­սէր Օ­շա­կան ան­գամ մը, կէս-կա­տակ կէս-լուրջ, քիչ մը վա­հէա­կան ո­ճով մը, ըն­տա­նե­կան գոյն տա­լու հա­մար վաս­տա­կի մը, որ ան­շուշտ պատ­կա­ռան­քի ու ան­կէ ա­ւե­լի՝ վեր­լու­ծու­մի ար­ժա­նի է վստա­հա­բար:

Նման գրող­նե­րու շուրջ հիա­ցող­նե­րու (այլ լե­զու­նե­րու մէջ ալ չենք վա­րա­նիր նոյ­նիսկ գոր­ծա­ծել)՝ «երկր­պա­գու»նե­րու՝ մէկ կող­մէ, եւ միւս կող­մէ՝ դա­տա­փե­տիչ­նե­րու ու հա­լա­ծիչ­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան կամ ան­պաշ­տօն օ­ղակ­ներ կը կազ­մուին, Հա­յաս­տան կամ Սփիւռք: Այս­պի­սի տի­պար­ներ բե­ւե­ռա­ցու­մի կը տա­նին ըն­թեր­ցող­նե­րը: Պատ­ճառ­նե­րը շատ են: Հիաց­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձող գրող­նե­րու պա­րա­գա­յին կը գոր­ծա­ծուի մա­նա­ւանդ «մեծ» մակ­դի­րը, բա­նիւ կամ գրով, ա­ռանց յար­գե­լու գի­րին իբ­րեւ գիր ու խօս­քին իբ­րեւ խօսք լրջու­թիւնն ու նկա­րա­գի­րը, որ «մե­ծու­թիւն» դառ­նա­լու կա­րիք չու­նի­…ան­պա­յան:

Փա­ռապ­սա­կէ ու դա­տա­փե­տու­մէ հե­ռու կը փոր­ձեմ պա­հել այս­տեղ նաեւ Օ­շա­կա­նը, որ այդ օր, ին­ծի հա­մար, ու­զեց կամ չու­զեց ը­սել, թէ խօս­քէն յե­տո՛յ միայն կը սկսի խօս­քը, ո­րուն թռիչ­քը ինք­նա­սահ­մա­նեալ, դաս­տա­կերտ ու ձե­ռա­կա­ռոյց ըլ­լա­լէ ան­դին կը գո­յա­նայ ու­րի­շին հետ միա­սին կա­տար բե­րուե­լով, ոչ թէ ու­րի­շին բա­ցա­կա­յու­թեան կա­տա­րուած այ­լա­ցում, ինքն իր մէջ, ինքն ի­րեն, ինքն իր սահ­ման­նե­րը՝ կա­րե­լիու­թիւն­ներն ու ան­կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը սա­հա­մա­նագ­ծող ու սահ­մա­նա­զան­ցող: Խօս­քը ար­դէն ու­րի­շին պի­տի ըլ­լայ օր մը ու տեղ մը: Երկ­րորդ խօս­քը՝ ու­րի­շով է միայն:

Վե­րա­խօ­սու­թիւ­նը գրու­թեան է: Գրո­ղա­կան է միշտ, միշտ գրու­թիւն չէ: Ամ­բող­ջո­վին ու հե­ռա­գոյն, դրսե­գոյն ան­ծա­նօ­թին բե­րանն է ան: Որ իմս չէ:

Ի. Չ.

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016