ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՎԱՐԿ

Հա­յաս­տա­նի Ելմ­տա­կան նա­խա­րար Գա­գիկ Խա­չատ­րեան եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնօ­րէն Մեր­սի Թեմ­պօ ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին վար­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս փաս­տա­թուղ­թին հի­ման վրայ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տու­նը Հա­յաս­տա­նին պի­տի տրա­մադ­րէ 55 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար վարկ՝ քսան­հինգ տա­րուան ժամ­կէ­տով։ Այս ժամ­կէ­տին տասն­չոր­սու­կէս տա­րին պի­տի ըլ­լայ ար­տօ­նեալ։

Վե­րա­կա­ռուց­ման եւ զար­գաց­ման մի­ջազ­գա­յին դրա­մա­տան հետ ստո­րագ­րուած «Տե­ղա­կան տնտե­սու­թեան եւ են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու կա­ռուց­ման ծրագ­րի» վար­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րով նա­խա­տե­սուած է բա­րե­լա­ւել Հա­յաս­տա­նի են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ նպաս­տե­լով Ա­րա­րա­տի, Վա­յոց ձո­րի, Լո­րիի եւ Կո­տայ­քի մար­զե­րու տե­ղա­կան տնտե­սու­թիւն­նե­րուն մէջ զբօ­սաշր­ջու­թեան ա­ւե­լի մեծ մաս­նակ­ցու­թեան։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016