ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ դէ­պի Թեհ­րան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ի­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ այս շրջագ­ծով ստո­րագ­րուե­ցաւ տասն­մէկ նոր հա­մա­ձայ­նա­գիր, որ կը նա­խա­տե­սէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթա­նու­մը։ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի Թեհ­րա­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը եւ սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Թեհ­րան մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Ա­լիեւ յայ­տա­րա­րած էր, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցեր, երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս, ու կը ստո­րագ­րուին շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր։ «Հիւ­սիս-հա­րաւ» եր­կա­թու­ղա­յին մի­ջանց­քի ի­րա­կա­նաց­ման հարցն ալ պի­տի գտնուէր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին։

Հա­մա­պա­տաս­խան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ սկսաւ ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րին Թեհ­րա­նի շփում­նե­րը։ Ե­րէկ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հա­սած լու­րե­րը ընդ­հա­նուր առ­մամբ հա­մա­հունչ էին այդ սպա­սում­նե­րուն։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­լիե­ւի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Հա­սան Ռու­հա­նի յայտ­նեց, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը կը տես­նէ միայն խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։ Ըստ ի­րեն, Ի­րան դէմ է հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լուծ­ման։

Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ կնքուած տասն­մէկ նոր հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րէն մին ստո­րագ­րե­ցին Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րիֆ եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով։ Այդ շրջագ­ծին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րուի եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ եր­կա­թու­ղա­յին ճա­նա­պարհ­նե­րու միաց­ման մա­սին շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ եր­կա­թու­ղա­յին կա­մուր­ջի մը շի­նա­րա­րու­թեան ուղ­ղեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին փաս­տա­թուղ­թը։ Թեհ­րա­նի մէջ յայ­տա­րա­րուե­ցաւ, որ Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի եր­կա­թու­ղի­նե­րը կրնան միա­ցուիլ այս տա­րի իսկ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յած են այս նիւ­թին նկատ­մամբ։ Հա­սան Ռու­հա­նի մաս­նա­ւո­րա­պէս յայ­տա­րա­րած է, որ Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի եր­կա­թու­ղի­նե­րը պի­տի միա­նան այս տա­րի։

Բաց աս­տի, Թեհ­րա­նի մէջ Իլ­համ Ա­լիե­ւին նոր ծրա­գիր մը ներ­կա­յա­ցուած է Կաս­պից ծո­վէ ներս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Սա նաւ­թա­կա­զա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր նա­խա­գիծ մըն է։ Թեհ­րա­նի ա­ռա­ջարկ­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, Կաս­պից ծո­վու մէջ նաւ­թա­կա­զա­յին հան­քա­հո­րե­րու հա­մա­տեղ շա­հա­գոր­ծու­մը, նաւ­թի եւ կա­զի ա­ռեւ­տու­րի ընդ­լայ­նու­մը, նաւ­թի փո­խա­նակ­ման վե­րա­կանգ­նու­մը։ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հա­մո­զուած է, որ Կաս­պից ծո­վու մէջ քա­րիւ­ղի ար­դիւ­նա­հան­ման ծախ­սե­րը բա­ւա­կան մեծ են թէ՛ Ի­րա­նի եւ թէ կարգ մը հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րուն հա­մար։ Հե­տե­ւա­բար, ա­փա­մերձ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ա­պա­հո­վէ ծախ­սե­րու կրճա­տու­մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016