ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին տե­սա­կէ­տէ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) մի­ջեւ պաշ­տօ­նա­պէս ստո­րագ­րուե­ցաւ քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը։ Ծա­նօթ է, որ եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ար­դէն մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը հա­սուն­նար հա­մա­խո­հա­կան նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու գոր­ծըն­թա­ցը։ Այս եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քուէին ժա­մա­նակ հե­տե­ւած էին ի­րե­րան­ման դիր­քո­րոշ­ման։ Ա­նոնք պաշտ­պա­նած էին Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւ­նը, ո­րու հի­ման վրայ երկ­րի կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը պի­տի դադ­րի նա­խա­գա­հա­կան ըլ­լա­լէ ու պի­տի վե­րա­ծուի խորհր­դա­րա­նա­կա­նի։ Այս ե­րե­ւոյ­թը հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ՀՀԿ եւ ՀՅԴ ս­տեղ­ծեն հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը։ Ի վեր­ջոյ, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­պէս։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը կա­տա­րուե­ցաւ ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան ՀՀԿ­-ի եւ ՀՅԴ­-ի ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, այ­սինքն՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ ՀՅԴ­-ի պիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գա­րեան։ Քա­ղա­քա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­ցին ՀՀԿ­-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ար­մէն Ա­շո­տեան եւ ՀՅԴ­-ի Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղուան Վար­դա­նեան։

ՀՀԿ­-ի եւ ՀՅԴ­-ի մի­ջեւ հաս­տա­տուած քա­ղա­քա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զու­գա­հեռ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան թէ՛ կազ­մը եւ թէ կա­ռու­ցուած­քը։ Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի Տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը վե­րա­կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ որ­պէս ա­ռան­ձին եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այ­սինքն, Տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տա­րան­ջա­տուե­ցան, ինչ որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ալ ար­դէն այդ­պէս էր։ Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար նշա­նա­կուե­ցաւ Ար­մէն Ե­րի­ցեան, որ նա­խա­պէս կը գլխա­ւո­րէր միա­ցեալ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Նոր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ՀՅԴ­-էն ե­րեք նա­խա­րար մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան։ Ա­նոնք են՝ Տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րար Դա­ւիթ Լո­քեան, Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան եւ Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Ար­ծուիկ Մի­նա­սեան։ Բաց աս­տի, ՀՅԴ­-ին պի­տի վե­րա­պա­հուի եր­կու մար­զե­րու ղե­կա­վա­րու­մը։ Այս­պէս, Շի­րա­կի եւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ­պետ­նե­րը պի­տի ըլ­լան դաշ­նակ­ցա­կան։ Շի­րա­կի մարզ­պետ պի­տի դառ­նայ Յով­սէփ Սի­մո­նեան եւ Գե­ղար­քու­նի­քի մարզ­պետ Գա­գիկ Կէօ­զա­լեան։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ իսկ նոր նա­խա­րար­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց պատ­կան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­կազ­մե­րուն։ Նո­րան­շա­նակ դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րար­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ ար­դէն մաս­նակ­ցե­ցան Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հեր­թա­կան ժո­ղո­վին։

Ե­րէ­կուան ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ Ար­մէն Ա­շո­տեան եւ Ա­ղուան Վար­դա­նեան հան­դէս ե­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­մէն Ա­շո­տեան այս առ­թիւ նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս նոր մշա­կոյ­թի մը սկիզ­բը կը դրուի, ո­րով­հե­տեւ այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը յե­տընտ­րա­կան հա­մա­խո­հու­թիւն մը չէ, ոչ ալ նա­խընտ­րա­կան դա­շինք մը, այլ այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կը դնէ սկիզ­բը քա­ղա­քա­կան եր­կա­րա­տեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը, որ խարս­խուած է ար­ժե­հա­մա­կար­գա­յին ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րուն ու միաս­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ՀՅԴ ա­ւե­լի ա­ռաջ եւս ՀՀԿ­-ի հետ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ գտնուած էր, իսկ ա­ւե­լի վերջ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու շրջա­նին դուրս ե­կած էր այդ հա­մա­խո­հու­թե­նէն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2016