ԱՐՄԷՆ ՃԻԿԱՐԽԱՆԵԱՆԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսահայ հռչակաւոր դերասան 80-ամեայ Արմէն Ճիկարխանեան ամուսնացաւ 36-ամեայ Վիթալինա Ցիմպալեուքի հետ։ Սա իր երրորդ ամուսնութիւնն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ամուսնութիւնը արձանագրուած է Մոսկուայի պատկան իշխանութիւններուն մօտ։ Հարսանեկան արարողութեան ներկայ գտնուած են միայն նորապսակներու մտերիմները։ Անցեալ տարի Արմէն Ճիկարխանեան ամուսնալուծուած էր իր երկրորդ կնոջմէն՝ Թաթիանա Վլասովայէն։
Այս վերջին ամուսնութենէն վերջ Ցիմպալեուք ռուսական մամուլին հարցազրոյցներ տուած է Արմէն Ճիկարխանեանի հետ իր յարաբերութիւններուն մասին։ Արդարեւ, անոնք շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր կը ծանօթանան։ Վիթալինա Ցիմպալեուք կը ղեկավարէ Արմէն Ճիկարխանեանի թատրոնի գործերը։