ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԷՏՔ Է ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՎՃԱՐԷ
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) երէկ արձակեց վճիռ մը, որով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պէտք է 3600 եւրօ փոխհատուցում վճարէ Թամարա Դոմազեանին։ Այս վերջինը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է եւ ներկայիս կը բնակի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ։
Թամարա Դոմազեան 2007 թուականի Մայիսին ԵՄԻԱ-ի մօտ բողոք ներկայացուցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ՝ զրկուած ըլլալով դատարան դիմելու իրաւունքէն։ Արդարեւ, Հայաստանի արդարադատական մարմինները մերժած էին ընդունիլ քաղաքացիական գործով իր ներկայացուցիչին կողմէ կատարուած դիմումը։ «Դոմազեանը՝ ընդդէմ Հայաստանի» գործի քննարկման արդիւնքին՝ ԵՄԻԱ յանգած է այն եզրակացութեան, թէ խախտուած է ենթակայի դատարան հասանելիութեան իրաւունքը։ Ուստի, դատարանը վճռած է, որ Հայաստան վճարէ 3600 եւրօ՝ որպէս ոչ-նիւթական վնասի փոխհատուցում։