«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ… Ընդունի՞լ

Ա­րեւմ­տեան, մա­նա­ւանդ հո­լի­վու­տեան մա­կե­րե­սա­յին բար­քե­րէն հան­դի­սա­ցող «Օս­քար»նե­րու մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան եւ հան­դի­սու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ան­շուշտ կը հե­տապն­դեն նպա­տակ­ներ, ո­րոնց­մէ տե­սա­նե­լի­նե­րը սպա­ռո­ղա­կան շու­կա­յին մէջ քա­րոզ­չու­թիւնն ու… դրամն են: Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, ան­շուշտ, մրցա­նակ­նե­րը շա­հող­նե­րը ան­պայ­ման ա­մե­նէն ո­րա­կա­ւոր­նե­րը կրնան չըլ­լալ, իսկ ա­նու­րա­նա­լի ար­ժէ­քը, ո­րա­կը, ար­դէն մրցա­նա­կէն եւ քա­րոզ­չու­թե­նէն կը խրտչի: Ե­թէ այս հա­մա­կար­գը իր «պաշտ­պան հրեշ­տակ­նե­րը» ու­նի, ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն կան նաեւ «մեր­ժող սա­տա­նա­նե­րը»…

«ՕՍ­ՔԱՐ»Ի 88-ՐԴ ՄՐ­ՑԱ­ՆԱ­ԿԱ­ԲԱՇ­ԽՈՒ­ԹԻՒՆ

Շար­ժա­պատ­կե­րա­յին ա­րուես­տի Ամե­րի­կեան ա­կա­դե­միա­յի ա­մէ­նա­մեայ ազ­գա­յին մրցա­նա­կի՝ «Օս­քար»ի 88-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 28 Փետ­րուա­րին, Հո­լի­վու­տի «Տոլ­պի» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ: Պի­տի պար­գե­ւատ­րուին 2015 թուա­կա­նին պատ­րաս­տուած լա­ւա­գոյն շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը: Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին 24 հիմ­նա­կան ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ օս­քար­ներ պի­տի ստա­նան՝ բե­մադ­րիչ­ներ, դե­րա­սան­ներ, ե­րա­ժիշտ­ներ, ար­տադ­րիչ­ներ եւ ընդ­հան­րա­պէս շար­ժա­պատ­կե­րի պատ­րաս­տու­թեան առըն­չուած գոր­ծիչ­ներ: Ուղ­ղա­կի պատ­կե­րասփ­ռուե­լիք հան­դի­սու­թեան բե­մադ­րիչն է Կլէն Ո­ւէյս, իսկ հան­դի­սա­վարն է դե­րա­սան Քրիս Ռոք, որ 2005 թուա­կա­նին եւս «Օս­քար»ի 77-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­վարն էր:

ՅԱ­ՒԱԿ­ՆՈՐԴ­ՆԵՐ (NOMINEES)

Պե­ւըր­լի Հիլ­զի «Սա­մուէլ Կոլ­տուին» թա­տե­րաս­րա­հին մէջ, 14 Յու­նուար 2016-ին բե­մադ­րիչ­ներ Կիլ­մօ տէլ Թո­րօ եւ Անկ Լի յայ­տա­րա­րե­ցին «Օս­քար»ի 88-րդ մր­ցա­նակ­նե­րուն յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը:

«Տը րե­վը­նընթ» շար­ժա­պատ­կե­րը յա­ւակ­նորդ է 12 օս­քար­նե­րու, «Մէտ Մէքս: Ֆիւ­րի ռոտ»՝ 10:

Յա­ջոր­դա­կան երկ­րորդ տա­րին ըլ­լա­լով՝ Ա­լե­խանտ­րօ Ի­նա­րի­թուի կող­մէ բե­մադ­րուած շար­ժա­պատ­կեր մը յա­ւակ­նորդ­նե­րու շար­քին ա­ռա­ջին դիր­քը կը գրա­ւէ:

Ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող 7 ա­նուա­նա­կար­գե­րու պատ­կե­րը հե­տե­ւեալն է.

ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ՇԱՐ­ԺԱ­ՊԱՏ­ԿԵՐ

«Տը պիկ շորթ», «Պրիտճ օֆ սփայզ», «Պրուք­լին»,  «Մէտ Մէքս: Ֆիւ­րի ռոտ», «Տը մար­շըն», «Տը ռե­վը­նընթ», «Ռում», «Սփոթ­լայթ»

ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ԲԵ­ՄԱԴ­ՐԻՉ

Ա­տամ Մաք­Քայ («Տը պիկ շորթ»), Ճորճ Միլ­լըր («Մէտ Մէքս: Ֆիւ­րի ռոտ»), Ա­լե­խանտ­րօ Ի­նա­րի­թու («Տը րե­վը­նընթ»), Լե­նի Ապ­րա­համ­սըն («Ռում»), Թո­մի Մա­քար­թի («Սփոթ­լայթ»)

ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ԴԵ­ՐԱ­ՍԱՆ

Պ­րա­յան Քրանս­թըն («Թրամ­պօ»), Մաթ Տա­մոն  («Տը մար­շըն»), Լէո­նար­տօ Տի­Քափ­րիօ («Տը րե­վը­նընթ»), Մի­քա­յէլ Ֆաս­պեն­տըր («Սթիվ Ճոպզ»), Է­տի Ռետ­մէյն («Տը տե­նիշ կըրլ»)

ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ԴԵ­ՐԱ­ՍԱ­ՆՈՒ­ՀԻ

Քէյթ Պլան­շէթ («Քա­րօլ»), Պ­րի Լար­սըն («Ռում»), Ճե­նի­ֆըր Լաուրընս («Ճոյ»), Շար­լոթ Ռամփ­լինկ («45 եիրզ»), Սաիորս Ռո­նան («Պրուք­լին»)

ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ՕԳ­ՆԱ­ԿԱՆ ԴԵ­ՐԱ­ՍԱՆ

Ք­րիս­թիան Պէյլ («Տը պիկ շորթ»), Թոմ Հար­տի («Տը ռե­վը­նընթ»), Մարք Ռու­ֆա­լլօ («Սփոթ­լայթ»), Մարք Ռի­լանս («Պրիտճ օֆ սփայզ»), Սիլ­վես­թըր Սթա­լոն («Քրիտ»)

ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ՕԳ­ՆԱ­ԿԱՆ ԴԵ­ՐԱ­ՍԱ­ՆՈՒ­ՀԻ

Ճե­նի­ֆըր Ճէյ­սըն Լէյ («Տը հէթ­ֆուլ էյթ»), Ռու­նի Մա­րա («Քա­րոլ»), Ռէյչըլ Մա­քԱ­տամս («Սփոթ­լայթ»), Ա­լի­սիա Վի­քան­տէր («Տը տե­նիշ կըրլ»), Քէյթ Վինս­լէթ («Սթիվ Ճոպզ»)

Օ­ՏԱ­ՐԱ­ԼԵ­ԶՈՒ ԼԱ­ՒԱ­ԳՈՅՆ ԺԱ­ՊԱ­ՒԷՆ

«Էմպ­րէյս օֆ տը սըր­փընթ» (Քո­լոմ­պիա, սպա­նե­րէն), «Մուս­թանկ» (Ֆրան­սա, թրքե­րէն), «Սան օֆ սոլ» (Հուն­գա­րիա, հուն­գա­րե­րէն), «Թիպ» (Յոր­դա­նան, ա­րա­բե­րէն), «Ը ուոր» (Դա­նիա)

ՕՍ­ՔԱՐ­ՆԵ­ՐԸ ՄԵՐ­ԺՈՂ­ՆԵՐ

Օս­քար­նե­րու մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, հան­դի­սու­թիւ­նը, ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս օս­քար­նե­րը մեր­ժող­ներ ալ ե­ղած են:

Դե­րա­սան, բե­մադ­րիչ, գրող Վու­տի Էլըն, որ ընդ­հան­րա­պէս այս­պի­սի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ներ­կայ չ՚ըլ­լար, ը­սած է. «Ես այդ­պի­սի ա­րա­րո­ղու­թեան մը հան­դէպ յար­գանք չու­նիմ: Ես պար­զա­պէս չեմ կար­ծեր, որ ա­նոնք գի­տեն, թէ ի՛նչ կ՚ը­նեն: Երբ կը տես­նէք, թէ ո՛վ կը շա­հի այդ բա­նե­րը, կամ ո՛վ չի շա­հիր, դուք կրնաք գիտ­նալ, թէ ի՛նչ ա­նի­մաստ բան է այս Օս­քա­րը»:

2010 թուա­կա­նի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ո­րո­շուե­ցաւ պա­տուոյ Օս­քար շնոր­հել ֆրան­սա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի Լա Նու­վէլ Վակ շար­ժու­մի հսկա­յին՝ Ժան-Լուք Կո­տար­տին, որ այն օ­րե­րուն 80 տա­րե­կան էր եւ բնաւ չէր մաս­նակ­ցած նման հան­դի­սու­թիւն­նե­րու:

Ան­շուշտ բո­լոր մի­ջոց­նե­րով փոր­ձե­ցին հե­տը կա­պուիլ, բայց… ի զուր: Կո­տար­տի եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­կե­րու­հին ը­սաւ. «Ժան-Լուք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ պի­տի չեր­թայ, ան սկսած է ծե­րա­նալ այդ­պի­սի բա­նե­րու հա­մար: Դուք այդ­քան հե­ռու տեղ կ՚եր­թա՞ք մե­տա­ղի կտո­րի մը հա­մար»:

Դե­րա­սան Ճորճ Սի. Սքոթ ա­ռա­ջին աշ­խար­հահռ­չակ դե­րա­սանն էր, որ մեր­ժեց լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նի Օս­քա­րը (Patton, 1970):

Նախ­քան հան­դի­սու­թիւ­նը՝ Սքոթ մեր­ժե­լու իր մտադ­րու­թեան մա­սին հե­ռագ­րեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն: Ա­ռանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու՝ Օս­քա­րի մա­սին Սքոթ ը­սած է. «Հան­դի­սու­թիւ­նը եր­կու ժա­մուան մի­սի տո­ղանցք է, տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով հան­րա­յին ցու­ցադ­րու­թիւն մը՝ շին­ծու սաս­փեն­սով»:

Եր­կու տա­րի ետք, «Տը Կատ­ֆա­տըր» շար­ժա­պատ­կե­րին ա­ռի­թով ստա­ցած լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նի Օս­քա­րը մեր­ժեց Մար­լոն Պրան­տօ, որ Սա­չին Լի­թըլ­ֆետ­հըր ա­նու­նով ա­մե­րի­կա­ցի հնդիկ (ա­փա­չի) մը ղրկեց իր փո­խա­րէն: Հան­դի­սա­տես­նե­րը Լի­թըլ­ֆետ­հըրը դի­մա­ւո­րե­ցին «պու»ե­րով եւ սու­լոց­նե­րով, երբ յայ­տա­րա­րեց, որ ինք ղրկուած է բո­ղո­քե­լու հա­մար ա­մե­րի­կա­ցի բնիկ­նե­րուն՝ հնդիկ­նե­րուն հան­դէպ Հո­լի­վու­տի (շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու) դէմ:

Ա­ւե­լի ուշ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ Սա­չին Լի­թըլ­ֆետ­հըր ա­մե­րի­կա­ցի բնիկ հնդիկ չէ, այլ մեք­սի­կա­ցի դե­րա­սա­նու­հի մը՝ Մա­րիա Քրուզ ա­նու­նով:

Հո­լի­վու­տի ա­ռա­ջա­տար դե­րա­սա­նու­հի­նե­րէն Քաթ­րին Հեփ­պըրն, որ 12 ան­գամ թեկ­նա­ծու ե­ղած է եւ 4 ան­գամ նուա­ճած՝ լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հիի Օս­քա­րը, մին­չեւ 1974-ը չէ մաս­նակ­ցած հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն:

ՀԵ­ՏԱՔՐՔ­ՐԱ­ԿԱՆ ՓԱՍ­ՏԵՐ ԵՒ ՄՐՑԱ­ՆԻՇ­ՆԵՐ

Ա­մե­նէն շատ «Օս­քար» ստա­ցած է Ո­ւոլթ Տիզ­նի՝ 26 ան­գամ, յա­ւակ­նորդ՝ 59 ան­գամ. ա­պա՝ ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նակ­ներ Ալֆ­րետ Նիւ­մէն (9 Օս­քար) եւ Ճոն Ո­ւի­լեամզ (5 Օս­քար), յա­ւակ­նորդ՝  իւ­րա­քան­չիւ­րը 45 ան­գամ, որ երկ­րորդ մրցա­նիշն է Ո­ւոլթ Տիզ­նիէն ետք:

- Դե­րա­սան­նե­րէն ա­մե­նէն շատ Օս­քա­րի յա­ւակ­նորդ ե­ղած է Ճէք Նի­քըլ­սըն՝ 12 ան­գամ, ո­րոնց­մէ 8-ը՝ գլխա­ւոր դե­րի հա­մար, 4-ը՝ երկ­րոր­դա­կան դե­րի հա­մար, ստա­ցած է 3 Օս­քար, իսկ դե­րա­սա­նու­հի­նե­րէն Մե­րիլ Սթրիփ՝ 17 ան­գամ ե­ղած է յա­ւակ­նորդ, ստա­ցած է 3 Օս­քար:

- Դե­րա­սան­նե­րէն Ճէք Նի­քըլ­սընն եւ Մայքլ Քէյ­նը (2 Օս­քար) յա­ւակ­նորդ ե­ղած են 5 տաս­նա­մեակ ա­նընդ­մէջ (1960-2000): Փոլ Նիւ­մըն նոյն­պէս 5 տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին յա­ւակ­նորդ ե­ղած է Օս­քա­րի (10 ան­գամ, 1 Օս­քա­րի մրցա­նա­կա­կիր), սա­կայն 4 ան­գամ՝ 1950, 1960, 1980, 2000-ա­կան թուա­կան­նե­րուն: Դե­րա­սա­նու­հի­նե­րէն նման յա­ջո­ղու­թեան հա­սած է Քեթ­րին Հեփ­պըրն. ան Օս­քա­րի յա­ւակ­նորդ ե­ղած է 1930-1960-ա­կան թուա­կան­նե­րուն եւ 1980-ին, ընդ­հա­նուր՝ 12 ան­գամ: Դե­րա­սան Տա­նիէլ Տէյ-Լի­ւիս միակ դե­րա­սանն է, որ ար­ժա­նա­ցած է Օս­քա­րի եր­կու տար­բեր դա­րե­րու մէջ (20-րդ եւ 21-րդ):

- Դե­րա­սան-դե­րա­սա­նու­հի­նե­րէն ա­մե­նէն շատ Օս­քար ստա­ցած է Քեթ­րին Հեփ­պըրն՝ 4 ան­գամ (4-ն ալ՝ լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հի ա­նուա­նա­կար­գով): Տա­նիէլ Տէյ-Լուիս (3 լա­ւա­գոյն դե­րա­սան), Ճէք Նի­քըլ­սըն (2 լա­ւա­գոյն դե­րա­սան, 1 երկ­րոր­դա­կան լա­ւա­գոյն դե­րա­սան), Ո­ւոլ­տըր Պրե­նը­նը (3-ն ալ՝ լա­ւա­գոյն օգ­նա­կան դե­րա­սան) եւ Ինկ­րիտ Պերկ­մըն (2 լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հի, 1 օգ­նա­կան լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հի) ստա­ցած են 3 Օս­քար:

- Եր­կու դե­րա­սան­ներ եր­կու տա­րի ա­նընդ­մէջ ստա­ցած են Օս­քար լա­ւա­գոյն դե­րա­սան ա­նուա­նա­կար­գին մէջ՝ Սփեն­սըր Թրէյ­սի՝ 1937 թուա­կա­նին «Քէփ­թընզ քա­րէյ­ճըզ» եւ 1938 թուա­կա­նին «Պոյզ թաուն» շար­ժա­պատ­կեր­նե­րուն հա­մար, Թոմ Հենքս՝ 1993 թուա­կա­նին «Ֆի­լա­տել­ֆիա» եւ 1994 թուա­կա­նին «Ֆո­րեսթ կամփ» շար­ժա­պատ­կեր­նե­րուն հա­մար:

- Ք­րիս­տո­ֆըր Փլա­մըր ա­մենէն տա­րեց դե­րա­սանն է, որ ստա­ցած է Օս­քար մրցա­նա­կը: 2012 թուա­կա­նին ան ստա­ցած է Օս­քար՝ լա­ւա­գոյն օգ­նա­կան դե­րա­սան ա­նուա­նա­կար­գին մէջ, 82 տա­րե­կա­նին, իսկ տա­կա­ւին ողջ ա­մենէն տա­րեց օս­քա­րա­կի­րը Լուիզ Ռէյ­նըրն է, ան 103 տա­րե­կան է:

- Օր­սոն Ո­ւելս («Սի­թի­զըն քէյն»), Չար­լի Չափ­լին («Տը կրէյթ տիք­թէյ­թըր») եւ Սիլ­վեսթր Սթա­լոն («Ռաքի») այն դե­րա­սան­ներն են, ո­րոնք յա­ւակ­նորդ ե­ղած են Օս­քա­րի միա­ժա­մա­նակ լա­ւա­գոյն դե­րա­սան եւ լա­ւա­գոյն բե­մագ­րու­թեան ա­նուա­նա­կար­գե­րուն մէջ:

- Բե­մադ­րիչ­նե­րէն ա­մե­նէն շա­տը՝ 4 Օս­քար ստա­ցած է Ճոն Ֆորտ, 3-ա­կան Օս­քար ստա­ցած են Ո­ւի­լիըմ Ո­ւայ­լըր եւ Ֆրենք Քափ­րան (Քափ­րան Օս­քար մը եւս ստա­ցած է իբ­րեւ ար­տադ­րիչ):

- «Պէն հուր» (1959), «Թիթանիք» (1997) եւ «Տը լորտ օֆ տը րինկզ» (2003) շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը ստա­ցած են ա­մե­նէն շատ՝ 12 Օս­քար: 10 Օս­քար ստա­ցած է «Ո­ւեսթ սայտ սթո­րի», «Կան ուիթ տը ուինտ» (1939) եւ «Ճի­ճի» (1958) շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը:

- «Տը լեսթ էմ­փը­րըր» (1987) եւ «Տի ինկ­լիշ փե­շընթ» (1996) շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը՝ 9-ա­կան Օս­քար: «Տը պեսթ յիրզ օֆ աուր լայֆզ» (1946), «Ֆրոմ հիր թու ի­թըր­նի­թի» (1953), «Մայ ֆէյր լէյ­տի» (1964), «Քա­պա­րէ» (1972), «Կան­տի» (1982), «Ա­մա­տէոս» (1984), «Սլամ­տոկ մի­լիո­նէր» (2008)  շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը ստա­ցած են 8-ա­կան Օս­քար:

- Ա­մե­նէն շատ Օս­քա­րի ներ­կա­յա­ցուած են «Օլ ա­պաութ Իվ» (1950) եւ «Թիթա­նիք» (1997) շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը՝ 14 Օս­քար: «Հուզ էֆ­րէյտ օֆ Վիր­ճի­նիա Ո­ւոլֆ» (1966) Վիր­ճի­նիա  յա­ւակ­նորդ ե­ղած է Օս­քա­րի այդ տա­րուան բո­լոր ա­նուա­նա­կար­գե­րուն մէջ՝ 13 եւ ստա­ցած՝ 5 Օս­քար: 13 ա­նուա­նա­կար­գե­րուն մէջ Օս­քա­րի ներ­կա­յա­ցուած են նաեւ «Լորտ ֆրա­թեր­նի­թի րինկ»  (2001, ստա­ցած է 4 Օս­քար) եւ  «Միս­թի­րիըզ հիս­թը­րի» (2008, ստա­ցած է 3 Օս­քար):

- Օս­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ 3 ժա­պա­ւէ­նի «Իթ հափընտ ուան նայթ» (1934 թ.), «Ո­ւան ֆլիւ օ­վըր տը քու­քուզ նեսթ» (1975 թ.) Քու­քուզ եւ «Տը սայ­լընս օֆ լեմպս» շար­ժա­պատ­կեր­նե­րը ար­ժա­նա­ցած են 5 մեծ Օս­քա­րի (լա­ւա­գոյն ժա­պա­ւէն, լա­ւա­գոյն բե­մադ­րիչ, լա­ւա­գոյն բե­մագ­րու­թիւն, լա­ւա­գոյն դե­րա­սան, լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հի ա­նուա­նա­կար­գե­րուն մէջ):

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ՝
­«Օս­քար»ի պաշ­տօ­նա­կան կայք, եւ դե­րա­սան­նե­րու կայ­քեր

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016