ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԽԱՐԻՍԽՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼ ՈՐՊԷՍԶԻ ՏՈԿԱՅ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԸ

Մեծ պատ­րանք­ներ չու­նե­նանք Սփիւռ­-քի գո­յա­տեւ­ման մա­սին: Ան դա­տա­պարտուած է գե­րեզ­ման մտնե­լու օր մը: Եւ այս՝ ի մեծ դժբախ­տու­թիւն ան­շուշտ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ո­րով­հե­տեւ հայ Սփիւռ­քը այ­սօր իր շնչած չա­փով՝ բա­րիք մըն է հայ հո­գե­կան վե­րել­քին հա­մար, թան­կա­գին այն նպաս­տով, զոր այ­նուա­մե­նայ­նիւ ա­նոր կրնայ բե­րել դեռ:

Միակ բա­նը, որ կա­խուած է մեզ­մէ՝ հայ Սփիւռ­քը դի­մաց­նել է հնար ե­ղա­ծին չափ եր­կար: Իսկ այդ կա­րե­լի է միայն մէկ ճամ­բով, մեզ հայ պա­հե­լով գա­ղութ­նե­րու մէջ, կա­պուած մնա­լով, չլքե­լով մեր դա­տը:

Ա­մեն­էն ա­ռաջ չմոռ­նանք եր­բեք, թէ մե­ծա­գոյն ա­ւի­շը, որ կ՚օգն­է գաղ­ութնե-րը դի­մաց­նել­ու՝ ա­նոնց կապն է Հայր­ե-նիքին հետ: Եր­կար դա­րեր գաղ­ութն­եր­ը տո­կա­ցին՝ իր­ենց հոգ­իին մէջ գրկած Ա­րա­րատն ու Էջմ­իա­ծին­ը: Ա­նիէն սե­րած ըլ­լա­լու մտածումն ան­գամ բաւ ե­ղաւ՝ որպ­էսզ­ի գաղ­ութն­եր հպարտ նայ­ին օ­տա­րին: Հի­մա, որ աշ­խարհի բիւր հե-ղեղները կը սպառ­նան ա­նոնց բեկորներուն՝ նոյն այդ կապը լաստ մըն է ա­լիք-ներուն դէմ քիչ մը ա­ւելի եր­կար կուրծք տալ­ու հա­մար: Սփոփիչ է ան­շուշտ տես-նել հայ Հայր­ե­նիքն ու Սփիւռք­ը ի­րա­րու կը մօտե­նան օրէ օր եւ այս շնորհ­իւ հայ-րենի իշ­խա­նութիւնն­երուն կողմ­է ստեղծուած Սփիւռքի նախարարութեան, եւ արդ­էն փլած է զար­հուրելի պատ­ուա­րը, որ խորթ կը դարձ­նէր հայը հայուն: Սա­կայն չկե­նանք ճամ­բան: Թօ­թա­փենք ա­մէն նա­խա­պա­շա­րում ուրկ­է ալ ան գայ:

Աշ­խար­ը մեզմ­է խլեց տա­րաւ շատ բան: Ու ա­մէն օր մեզմ­է կը խլէ կը տան­ի միշտ բան մը: Միակ ինչք­ը, որ դեռ կը մնայ մեզ­ի հոգ­ե­կան գանձն է, զ­­որ ա­ւանդ ձգեց մեզի մեր պատմ­ութ­իւն­ը, եւ զայն ի նոր­ոյ ստեղ­ծել­ու մեր կիրք­ը: Նոր օր­եր­ու բար­բա­ռով մշա­կոյթ կը կոչ­ենք մենք զայն, ու կը փորձ­ենք ա­պաւ­էն ընել զայն մեզ­ի՝ մեր այս յու­սա­հատ վայր­կեան­ներ­ուն մէջ: Այն­պէս կը հա­ւա­տանք, թէ ան էր, որ դա­րեր­ը ի­րա­րու կապ­եց ու զա­նոնք հասց­ուց մեզ­ի: Թէ ան է, որ դար­ձեալ Սփ­­իւռք­ի մէջ գա-ղութն­եր­ը ի­րա­րու կը կապ­է: Եւ թ­­է վեր­ջա­պէս ան է միակ կա­պը՝ գաղ­ութն­եր­ը իր­ենց ծոց­ին մէջ եւս զի­րար կա­պել­ու:

Ե­թէ հայ մշակ­ոյթ­ը կոչ­ուած է յաւ­եր­ժացն­ել­ու մեր ժող­ով­ուր­դը հայր­են­ի հո­ղին վրայ՝ զայն տէր դարձ­նե­լով դա­րա-ւ­որ իր ա­ւան­դութ­իւնն­եր­ուն եւ հնա­րա­ւոր ըն­ել­ով, որ նոր ա­ւան­դութ­իւնն­եր ստեղծ­է ան գա­լոց դա­րեր­ուն հա­մար, հայ Սփիւռք­ի մէջ ան զուրկ է արդ­էն իր սրբազան ա­ւիշ­էն:

Հայ ա­ւան­դութ­իւնն­եր­ը մեծ մա­սամբ չքա­ցան ժա­մա­նա­կին հետ հայ Սփիւռք­ի մէջ, շատ տեղ չդի­մա­ցաւ հայ լեզ­ուն, հայ եկ­եղ­եց­ին հին օր­եր­ու գուրգ­ու­րան­քով ա­պաւ­էն չի տար այ­լեւս մեր կա-րօտներ­ուն: Վերջ­ին մէկ դա­րը խամր­ե-ցուց մեր մէջ ինչ որ տար­բեր էինք՝ միա­սին դի­մա­նալ­ու հա­մար կ­­եան­քի նոր փոթ­ո­րիկն­եր­ուն: Ա­տեն մը բաւ էինք սեպ­եր, որ մար­դիկ եկ­եղ­եց­ի եր­թան Կի­րա­կիէ Կի­րա­կի, հայ լեզ­ուն խօս­ող մը ըլ­լայ իր­ենց տուն­էն ներս, իր­ենց դռնէն հայ թերթ մը մտնէ: Եւ սա­կայն շատ տեղ շատ տե­սաւ մեզ­ի այդ­քան մը Սփիւռքն ալ:

Դար­մա՞ն, ի՞նչ դար­ման, եր­բոր գի-տենք, թէ հայ դպրոցն­եր, որ դեռ կը շնչեն զա­նա­զան գա­ղութն­եր­ու մէջ, կամ հայ­ոց լեզ­ու­ի, պատմ­ութ­եան եւ մշա­կոյթ­ի պատմ­ութ­եան դա­սեր, զորս շաբթուան մէջ օր մը կամ Կի­րա­կիէ Կի­րա­կի բռնի կ՚ա­ւան­դենք տեղ տեղ հայ մա­նուկն­եր­ուն՝ վա­ղան­ցուկ սփո­փանք մըն են լոկ մեր արդ­էն խռնչած խիղճ­երուն հա­մար: Այո՛, փառք տանք Պէյր­ութի, բազ­մա­թիւ դժուա­րութ­իւնն­եր­ու մէջ գտնուող Հալ­էպի եւ Ի­րա­նի մեր դպրոց­ներ­ուն, երկ­րոր­դա­կան մեր կրթա­րան­ներ­ուն եւ ճե­մա­րան­նե­րուն: Ե­րախ­տա­պարտ ըլ­լանք նաեւ ե­րի­տա­սար­դա­կան խլրտումն­եր­ուն, մշակ­ու­թա­յին եւ մար­զա­կան միութեանց ծոցին մէջ: Խո­նար­հինք ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի, ՆՍՄՄ-ի եւ Հա­մազ­գա­յի­նի միու­թի­ւննե­րուն ալ առ­ջեւ: Ա­յո՛, բա­րիք մըն են բո­լո­ր ա­նոնց ջան­քե­րը­: Յե­տո՞յ: Որ­քա՞ն պի­տի դի­մա­նայ ա­սոնց նե­րար­կած ա­ւի­շը­: Ա­նոնց հա­սուն­ցած սե­րուն­դը որ­քա՞ն փա­րած պի­տի մնայ հայ ժո­ղո­վուր­դի յու­զում­նե­րուն, որ­քա՞ն ձու­լուած պի­տի մնայ ա­նոր ճա­կա­տա­գի­րի­ն հետ, երբ աշ­խար­հը թա­թը դրած է բո­լո­րի­ս վ­րայ: Հա­պա՞ ա­նոնք, այն խե­ղճ տ­ղա­քը­, ո­րոնք կ՚ապ­րին հոծ հայ հա­մայնք­նե­րէ հե­ռու, հայ բա­ռին ու հայ տա­ռի­ն ան­հա­ղո­րդ:

Այ­նուա­մե­նայ­նիւ չյու­սա­հա­տի­լ: Շա­րու­նա­կել նախ, ինչ որ կ՚ը­լլայ, բայց ո­չ այս­պէս ա­մէն մէկս մեր գլխուն, ի­րար­մէ ան­տե­ղե­ակ, յա­ճախ զի­րար խա­չա­ձե­ւե­լո­վ: Ցնո՞րք է ար­դե­օք ա­ռա­ջար­կել հան­դի­պում մը գո­նէ ան­գամ մը՝ հայ Սփիւռ­քի մէջ կրթա­կան ցանց մը ստեղ­ծե­լու սի­րո­յն, հան­դի­պում՝ ո­րուն մաս­նակ­ցե­լու գան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ի­րենք զի­րենք մտա­հո­գուած կը կար­ծե­ն մեր վա­ղուան սե­րուն­դով, հան­դի­պում՝ ո­րուն մար­դիկ գան ոչ թէ քնաց­նե­լու հա­մար ի­րենց խղճմ­տան­քը ա­տեն մը եւս, փայ­լուն տե­ղե­կա­գիր­ներ ծա­փա­հա­րե­լու կամ մար­դոց սնա­պար­ծու­թիւնը գգուե­լու հա­մար, այլ մի­ա­բա­նե­լու հա­մար միակ մտա­տան­ջու­թեան մը մէջ, դի­մաց­նել վա­ղուան սե­րուն­դը օ­տար ա­փե­րու վրայ:

Նման հան­դի­պում մը ե­թէ հրաշք ալ չգո­րծէ իս­կո­յն, ա­ռիթ կը դառ­նայ որ­պէ­սզի մար­դիկ վայր­կե­ան մը եղ­բայ­րա­կան վտան­գին առ­ջեւ ձեռք ձեռ­քի տան ի­րա­րու:

Ու տա­կա­ւին որ­քան բա­ներ կան այդ առ­թիւ մտա­ծե­լի­ք: Եւ այս­տեղ կ՚ու­զե­մ անդ­րա­դառ­նալ ա­նոնց­մէ մէ­կուն:

Մեր կար­ծի­քո­վ, կամ ա­ւե­լի ճիշդ մեր հաս­տատ հա­մո­զու­մո­վ, ազ­գա­պահ­պան­ման հիմ­նա­կան ազ­դա­կը միայն մէ­կ է, ո՛չ ե­րկուք.- հա­յե­րէ­ն լե­զուն: Սա­կայն ես այն հա­մո­զու­մը ու­նիմ նաեւ, որ բռնի հայ լե­զու սոր­վեց­նե­լէ ա­ռաջ մեր նոր սե­րուն­դին, պէտք է ա­նոր նախ իր ան­ցեա­լը սիրց­նե­լ: Պէտք է իր պա­պե­րը ճանչց­նել ա­նոր ու փա­ռա­ւոր այն է­ջե­րը, զո­րս մեզի թո­ղուց մեր պատ­մու­թի­ւնը­: Ե­թէ ան կա­պուած չի զգար ի­ր հո­գի­ն հայ ա­ւան­դու­թե­անց հե­տ՝ անոր հա­մար է­, որ չի հպար­տա­նար ա­նոնց­մո­վ, ո­րո­վհե­տե­ւ չի ճանչ­նար զա­նոնք:

Ու չէ՞ք կար­ծե­ր, որ նման հան­դի­պում մը ա­ռիթ մը կրնայ ըլ­լալ նաեւ՝ նոյն­քան նուի­րա­կան մտա­տան­ջու­թե­ան մը անդ­րա­դառ­նա­լու:

Դա­րե­րը ի­րե­նց ա­ւան­դու­թի­ւննե­րո­վ, ան­հե­տա­ցած սե­րունդ­ներն ու ի­րե­նց ա­ճիւ­նը­, հա­յո­ց ա­լե­ւո­ր հս­կան ու ա­ւե­րակ­նե­րը­՝ ո­րո­նց կը հսկէ, դա­տարկ տե­սի­լքնե­ր պի­տի մնան լոկ՝ ե­թէ ա­նոնք կեր­պա­րանք չառ­նե­ն մեր հո­գի­նե­րուն ու մեր հո­գե­րուն մէջ:

Հայ­կա­կան դա­տը շա­ղախն է Սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման:

Ըստ մեր հա­մես­տ կար­ծի­քին­, այս տու­եալ­նե­րով կա­րել­ի է խա­րիս­խներ ստեղ­ծել Սփիւռ­քի գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րին մէջ:

ՕՀԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016