ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխ-տեղակալ Ճանըթըն Փերիշը, որ պատասխանատու է պաշտպանական ծրագրաւորումներու գծով։ Հանդիպման ընթացքին Նալպանտեան դրական գնահատեց զանազան ծրագրերու շրջանակներէն ներս Հայաստան-ՆԱԹՕ շարունակական համագործակցութեան արդիւնքով արձանագրուած ձեռքբերումները։ Փերիշն ալ ընդգծեց, որ Երեւանի եւ դաշինքի միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են։ Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-ՆԱԹՕ քաղաքական երկխօսութեան, միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի արդիւնաւէտ մասնակցութեան, Հայաստանի զինեալ ուժերուն մօտ բարեփոխումներու իրականացման, արտակարգ իրավիճակներու կանխարգիլման ուղղութեամբ համագործակցութեան։
Նկատի ունենալով, որ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած է «Հայաստան+28» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստը՝ երէկուան հանդիպման ընթացքին աչքէ անցուեցան օրակարգին վերաբերեալ նիւթերը։
Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը՝ ընդգծելով միջնորդներու գործունէութեան սատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Ճանըթըն Փերիշի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։