«ԱԶԳ» ԹԵՐԹԻ 25-ԱՄԵԱԿԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշուեցաւ «Ազգ» թերթի հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Ազգ»ի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանը պարգեւատրեց իր նախարարութեան «Յակոբ Մեղապարտ» մետայլով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանոյշ Յակոբեան մատնանշեց, որ Հայաստանի տեսակէտէ դժուարին պայմաններու մէջ «Ազգ»ը դարձած է թերթ մը, որ կը մատուցէ հոգեւոր սնունդ եւ որուն ընթերցողները կը սպասեն ամէն օր։ Ըստ իրեն, «Ազգ»ի 25-ամեակը մեծ յոբելեան մը կը համարուի հայկական լրատուական աշխարհին տեսակէտէ։ Հետեւաբար, ան ջերմ շնորհաւորութիւններ փոխանցեց այս հանգրուանին կապակցութեամբ ու մաղթեց նոր յոբելեաններ։ Յակոբեանի խօսքերով, «Ազգ»ը Հայաստանի անկախութենէն աւելի մեծ է, որովհետեւ պետութեան անկախութիւնը հռչակուեցաւ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, իսկ «Ազգ»ը արդէն ստեղծուած էր նոյն թուականի Փետրուարի 16-ին։ ««Ազգ» օրաթերթի առաջին քայլերը շատ դժուար էին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ընդամէնը երկու ժամ լոյս կար. մենք կ՚ապրէինք ուժանիւթի ճգնաժամի եւ պատերազմի պայմաններու ներքեւ։ Սարսափելի ծանր օրեր էին։ «Ազգ»ը դարձած էր մեզ մխիթարող, հոգեւոր սնունդ մատուցող թերթ մը, որուն կը սպասէինք ամէն օր», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ աւելցուց, թէ Յակոբ Աւետիքեան ստեղծեց հայկական լրատուական դպրոց մը եւ իր թերթը հասցուց շատ յայտնի լրագրողներ։
Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, որու խօսքերով՝ յոբելենական ձեռնարկը համախմբած է բոլորը՝ շնորհիւ «Ազգ»ի նկատմամբ բացառիկ վերաբերմունքի, սիրոյ եւ հաւատքի։ Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ «Ազգ»ը երբեք վստահութեան ճգնաժամ մը չէ ապրած։ Թերթի 25-ամեակը կը նշուի այս տարի, երբ երկու մեծ յոբելեաններ կան օրակարգի վրայ՝ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւններուն 25-ամեակները։
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանն ալ հաւաքոյթի ընթացքին խոստովանեցաւ, որ «Ազգ» թերթի հաւատարիմ ընթերցող մըն է։ Ան ըսաւ. «Կ՚ընթերցեմ խմբագրականէն մինչեւ վերջին տողը։ «Ազգ»ը պատասխանատու եւ որակեալ մամուլ է, բամբասանք, չճշդուած տեղեկատուութիւն չենք գտներ։ Յակոբ Աւետիքեանը արժանացած է մեր բոլորի պարգեւներուն, ինչքան ոսկի ունինք տուած ենք։ Շատ երջանիկ եմ, որ Աւետիքեանի ժամանակակիցն եմ»։
Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ «Ազգ»ի անձնակազմի նախկին անդամներէն, «Արմէնփրէս» գործակալութեան նախկին տնօրէն Հրայր Զօրեան։ Աւելի վերջ ընթերցուեցան բազմաթիւ շնորհաւորականներ, ելոյթ ունեցողներ կարեւորեցին «Ազգ»ի գործունէութիւնը։
16 Փետրուար 1991 թուականին Երեւանի մէջ հիմնուած «Ազգ»ը եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախ օրաթերթը։ 1999 թուականէն սկսեալ թերթը ունեցաւ համացանցային կայքէջ մը, որ այդ շրջանին իսկապէս փայլուն կը համարուէր իր նմաններու շարքին։ Երկար տարիներ որպէս օրաթերթ լոյս տեսնելէ վերջ վերջին շրջանին «Ազգ»ը վերածուած է շաբաթաթերթի։ Թերթի հիմնադիր-գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան «Ազգ»ը հիմնելէ առաջ խմբագրած է Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթը եւ իսկական հեղինակութիւն մը կը համարուի հայկական լրատուական աշխարհէն ներս։