ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Անգարայէն համալսարանականներու խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին «Հաճէթթէփէ» համալսարանէն ուսանողներ։ «Ի նպաստ խաղաղութեան» խորագրեալ ծրագրի մը շրջագծով այս համալսարանական երիտասարդները ներկայիս շփման մէջ կ՚անցնին կրօնական հաստատութիւններու հետ։ Իրենց նպատակն է նման այցելութիւններու շնորհիւ քաղել տեղեկութիւններ եւ համադրել զանոնք։
Երիտասարդներու հետ զրուցելու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ թրքահայ համայնքի անցեալին, այժմու վիճակին, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ համայնքային կեանքի ներկայ կացութեան։ Ընդհանուր Փոխանորդը պատասխանեց նաեւ ուսանողներու հարցումներուն։