ARRIVEDERCI!

1965-ին մայրս կ՚աշ­խա­տէր պան­դո­կի մը մէջ:

Չկար­ծէք՝ ըն­դու­նա­րա­նին (réception) կամ piano bar-ին մէջ իբ­րեւ նուա­գա­ծու, ո­րով­հե­տեւ մայրս ո՛չ ու­սում ու­նէր, ո՛չ ալ դաշ­նակ նուա­գել գի­տէր. պար­զա­պէս սե­նեակ­նե­րը կը մաք­րէր, հա­կա­ռակ որ լաւ անգ­լե­րէն գի­տէր, նա­մակ գրե­լու չափ, բայց կ՚աշ­խա­տէր հա­մեստ գոր­ծեր: Կ՚աշ­խա­տէր զիս մեծցնե­լու հա­մար:

Օր մը կը ծա­նօ­թա­նայ եր­կու ի­տա­լա­ցի ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու, ո­րոնք ի­ջե­ւա­նած էին նոյն պան­դո­կը: Ա­նոնք մայրս կը հրա­ւի­րեն ի­րենց սե­նեա­կը, քա­փու­չի­նօ խմե­լու: Մայրս կ՚ըն­դա­ռա­ջէ հրա­ւէ­րին, կը բարձ­րա­նայ աղ­ջիկ­նե­րուն սե­նեա­կը: Ժամ մը կը նստին, կը խօ­սին: Ա­նոնք ման­րա­մաս­նօ­րէն կը ծա­նօ­թա­նան ի­րա­րու եւ մօրս անձ­նա­կան կեան­քին մա­սին հար­ցում­ներ կ՚ը­նեն: Մայրս ի­տա­լե­րէն չգիտ­նա­լուն հա­մար ու այդ ժա­մա­նակ անգ­լե­րէ­նին ալ տի­րա­պե­տած չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով կէս-կա­տար անգ­լե­րէ­նով կը պատ­մէ իր դժբախտ ա­մուս­նու­թեան մա­սին: Ի­տա­լու­հի­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ մտիկ կ՚ը­նեն: Մայրս կը պատ­մէ, թէ եօթ տա­րե­կան մանչ մըն ալ ու­նի: Կը նկա­րագ­րէ նաեւ մեր դժբախտ կեան­քը: Ի­տա­լու­հի­նե­րը մօր­մէս կը խնդրեն, որ օր մը զիս պան­դոկ բե­րէ: Կ՚ու­զեն ան­պայ­ման զիս տես­նել, հետս ծա­նօ­թա­նալ: Մայրս կը խոս­տա­նայ:

«Մենք տա­կա­ւին տաս­ներ­կու օր հոս ենք», կ՚ը­սեն ու կը բաժնուին:

Ձմեռ օր մը, ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մայրս զիս կը լոգ-ց­նէ, մա­քուր հա­գուստ­ներ կը հագց­նէ եւ դպրոց տա­նե­լու տեղ, ձեռ­քէս բռնած ի­րեն հետ պան­դոկ կը տա­նի:

Ա­ռա­ւօ­տեան լո­գան­քէն դժգո­հե­լուս հա­մար ճամ­բան մին­չեւ պան­դոկ անտրա­մա­դիր, նե­ղուած ու լուռ մնա­ցի: Նոյ­նիսկ պան­դո­կին շքեղ մուտ­քը զիս չայ­լա­փո­խեց: Մայրս ան­մի­ջա­պէս ըն­դու­նա­րա­նին մօ­տե­ցաւ, հե­ռա­ձայ­նեց, ին­ծի ան­հասկ­նա­լի լե­զուով մը բա­ներ մը ը­սաւ, բայց կիրթ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը նկա­տե­լի էր:

Քիչ ետք վե­րե­լա­կէն դուրս ե­կաւ շատ գե­ղե­ցիկ աղ­ջիկ մը, որ կար­ծես սօ­սիի մը եր­կա­րու­թիւ­նը ու­նէր: Ըն­դու­նա­րա­նի ե­րի­տա­սար­դին բա­րե­ւեց եւ հա­րուստ ժպի­տով մօ­տե­ցաւ մե­զի: Զիս գրկեց, համ­բու­րեց, մօրս բա­ներ մը ը­սե­լէ ետք ձեռ­քէս բռնե­լով տա­րաւ դէ­պի վե­րե­լակ: Ե­տեւ դար­ձայ մօրս նա­յե­լու: Ան ար­դէն ան­յայ­տա­ցեր էր: Ի­տա­լու­հին չոր­րորդ յար­կի կո­ճա­կին տա­րաւ բա­րակ, եր­կար, նուրբ մատ­նե­րը, միշտ ժպի­տը դէմ­քին, իսկ աչ­քե­րը կը մատ­նէին իր գուր­գու­րան­քը ին­ծի հան­դէպ: Տրա­մադ­րու­թիւնս իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր: Ու­րախ էի եւ կար­ծեմ ինձ­մէ եր­ջա­նիկ պզտիկ չկար այս աշ­խար­հին վրայ այդ պա­հուն...:

Զիս սե­նեակ տա­րաւ ու հոն հան­դի­պե­ցայ ու­րիշ գե­ղեց­կու­հիի մը, որ կա­պոյտ աչ­քեր ու­նէր: Վեր տա­նո­ղը զիս նստե­ցուց մահ­ճա­կա­լին վրայ ու ձե­ւե­րով սկսաւ խօ­սիլ.

-I am Barbara!

Միւ­սը ա­ւել­ցուց.

-I am Maria!

Զիս լաւ մը սի­րե­ցին, կար­կան­դակ կեր­ցու­ցին, օ­շա­րակ խմցու­ցին: Այս հո­գա­տա­րու­թիւ­նը պատ­ճառ ե­ղաւ որ մոռ­նա­յի մայր, տուն եւ ա­մէն բան: Կար­ծես ու­րիշ մո­լո­րակ մըն էի: Քիչ ետք, ի­տա­լու­հի­նե­րը ինձ­մէ ա­ռանց խպնե­լու սկսան հա­նուիլ ու հա­գան ի­րենց ա­ռօ­րեայ տա­բատն ու շա­պի­կը: Աջ ձեռ­քէս բռնած՝ «I am Barbara»ն, ձախ ձեռ­քէս բռնած՝ «I am Maria»ն, վար ի­ջանք ու պան­դո­կէն դուրս ե­լանք:

Զիս շու­կայ տա­րին, նոր հա­գուստ­ներ, նոր կօ­շիկ ու ա­հա­գին խա­ղա­լիք­ներ գնե­ցին: Մինչեւ եօթ տա­րե­կան այդ­քան ճոխ խա­ղա­լիք­ներ չէի ու­նե­ցած:

«I am Barbara»ն, «I am Maria»ն ու ես ապ­րանք­նե­րով բեռ­նա­ւո­րուած վե­րա­դար­ձանք պան­դոկ: Ու­րախ էի այս ան­գամ խա­ղա­լիք­նե­րուն հա­մար: Դար­ձեալ բարձ­րա­ցանք սե­նեակ: Ալ մտեր­մա­ցած էինք:

Այ­սօ­րուայ պէս կը յի­շեմ. խա­ղա­լիք­նե­րուն մէջ եր­կար պա­րան մըն ալ կար: Մէկ կող­մէ Պար­պա­րան, միւս կող­մէ Մա­րիան սկսան պա­րա­նը դարձ­նել ու ին­ծի ա­ռա­ջար­կե­ցին որ ցատ­կեմ: Ցատ­կե­լու մէջ ան­փորձ ըլ­լա­լուս հա­մար, եր­բեք չկրցայ գո­նէ մէկ ան­գա­մի հա­մար ճիշդ ցատ­կել: Քիչ ետք Պար­պա­րան եւ Մա­րիան փոխն ի փոխ սկսան վար­պե­տօ­րէն սե­նեա­կին մէջ պա­րան ցատ­կել եւ կար­ծեմ միայն հե­ռա­ձայ­նին զան­գը պատ­ճառ դար­ձաւ, որ խա­ղը դադ­րեց­նեն:

Հնարք մը գտա­ծի պէս Պար­պա­րան նա­յե­ցաւ Մա­րիա­յին, ու եր­կու­քը ի­րա­րու բան մը ը­սին եւ յար­ձա­կե­ցան վրաս: Հա­գուստ­ներս հա­նե­ցին, խպնե­լուս պատ­ճա­ռով ներք­նա­շա­պիկս մեծ դժուա­րու­թեամբ քա­շե­ցին, վիզս ցաւց­նե­լու չափ, իսկ մնա­ցոր­դա­ցը վրաս ձգե­լով զիս գրկե­ցին ու բաղ­նիք մտցու­ցին, տաք ջու­րով լաւ մը լոգ­ցու­ցին, հո­տա­ւէտ օ­ճա­ռով օ­ճա­ռե­ցին ար­դէն մա­քուր մար­մինս: Խեղ­ճե­րը ի՞նչ գիտ­նա­յին որ ա­ռա­ւօտ կա­նուխ մօրս հետ նոյն ի­րա­վի­ճա­կը ապ­րած էի, միայն մէկ տար­բե­րու­թեամբ, որ մօրս գոր­ծա­ծած օ­ճա­ռը հո­տա­ւէտ չէր:

Այս եր­կու անձ­նա­զոհ աղ­ջիկ­նե­րը, ժպի­տը՝ գծագ­րուած ի­րենց դէմ­քե­րուն, չոր­ցու­ցին մար­մինս ու ի­րենց նոր գնած հա­գուստ­նե­րը հագ­ցու­ցին ին­ծի: Հա­ւա­նա­բար կ՚ու­զէին ինձ­մէ ա­ւե­լի մայրս ու­րա­խաց­նել: Նաեւ, չեմ մոռ­նար, որ կօ­շիկն ու գլխար­կը հա­գուս­տին գոյ­նը ու­նէին:

Այդ օ­րը շուտ ան­ցաւ: Մօրս ար­ձակ­ման ժա­մը հա­սած էր: Դու­ռը զար­կաւ ու ներս մտաւ: Հա­զիւ մայրս տե­սայ՝ տրա­մադ­րու­թիւնս փո­խուե­ցաւ: Ե­կած էր զիս դրախ­տէն դուրս հա­նե­լու:

Հա­ւա­քե­ցինք խա­ղա­լիք­նե­րը: Պար­պա­րան հին լա­թերս բե­րաւ բաղ­նի­քէն: Համ­բու­րուե­ցանք: Ա­մե­նէն ու­ժեղ համ­բոյ­րը Պար­պա­րան դրոշ­մեց այ­տե­րուս, եւ «Arrivederci»ն վեր­ջին բառն էր որ ար­տա­սա­նեց Պար­պա­րան:

Մայրս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց աղ­ջիկ­նե­րուն ու ձեռ­քէս բռնած, տոպ­րակ­նե­րով հարս­տա­ցած ի­ջաւ վար:

Խա­ղա­լիք­նե­րը բռնած, անտ­րա­մա­դիր տուն դար­ձայ: Տու­նը դժկա­մու­թեամբ սկսայ նա­յիլ խեղճ մօրս: Այդ ի­րի­կուն եր­բեք չմօ­տե­ցայ խա­ղա­լիք­նե­րուն: Ան­վերջ Պար­պա­րա­յին ու Մա­րիա­յին մա­սին կը մտա­ծէի: Ոչ ոք զիս այդ­չափ ու­րա­խա­ցու­ցած ու հարս­տա­ցու­ցած էր: Այն­պէս որ տխուր էի ա­ռանց Պար­պա­րա­յին ու Մա­րիա­յին:

*

Տա­րի­ներ ետք, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ Վե­նե­տիկ գա­ցի, ի­ջե­ւա­նած տանս դի­մաց կին մը կը բնա­կէր:

Օր մը, մի­ջանց­քին մէջ ի­րա­րու հան­դի­պե­ցանք ու այդ կի­նը քա­ղա­քա­վար ո­ճով մը, անգ­լե­րէ­նով հար­ցուց.

-Ուր­կէ՞ էք, Պա­րո՛ն:

-Լի­բա­նա­նէն,- ը­սի, նոյն քա­ղա­քա­վար ո­ճով: Ա­նունս Յով­հան­նէս է:

-Իսկ ինք դար­ձաւ ու կա­խար­դիչ ժպի­տով մը ը­սաւ.

-I am Barbara!

Պահ մը սա­ռե­ցայ: Աչ­քերս սե­ւե­ռե­ցի աչ­քե­րուն ու փոր­ձե­ցի իր յոգ­նած աչ­քե­րը ե­րի­տա­սար­դաց­նել: Չկրցայ մտա­բե­րել: Ար­դեօք ա՞ն էր...: Ար­դեօ՞ք...

Ի­տա­լե­րէն չէի գի­տեր որ ստու­գէի, խօ­սէի, յի­շեց­նէի տա­րի­ներ ա­ռա­ջուան մեր պան­դո­կի հան­դի­պու­մը: Պար­պա­րան չէր սխա­լած: Պան­դո­կին մէջ այդ օր ին­ծի «մնաք բա­րով» չէր ը­սած, այլ՝ ցտե­սու­թիւն՝ «ARRIVEDERCI!»: Մենք հա­կա­ռակ որ կրկին հան­դի­պե­ցանք, սա­կայն չյի­շա­տա­կե­ցինք ան­ցեա­լը:

Օ­դա­նա­ւա­կա­յան չգա­ցած, ժամ մը ա­ռաջ, զար­կի դու­ռը Պար­պա­րա­յին: Բա­ցաւ. ձեռ­քին թերթ մը եւ ակ­նոց ու­նէր:

-Ես կը մեկ­նիմ,- ը­սի: Ե­կայ քե­զի «arrivederci» ը­սե­լու, սի­նիօ­րիթ­թա՛:

-Arrivederci, սի­նիօ՛ր,- ը­սաւ, մօ­տե­ցաւ ու համ­բու­րեց այ­տե­րէս նոյն ուժգ­նու­թեամբ, ինչ­պէս տա­րի­ներ ա­ռաջ...:

Այդ օր իմ վեր­ջին հան­դի­պումս ե­ղաւ Պար­պա­րա­յին հետ...:

Վեր­ջին հան­դի­պում՝ վեր­ջին համ­բոյ­րով:

Յ.  ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Պէյ­րութ

Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016