ՃԱՆԵԼԻԾԷԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խա­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պա­քու՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ վրա­ցի նա­խա­րա­րը Պա­քուի մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի, Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Օք­թայ Ա­սա­տո­վի, Վար­չա­պետ Ար­թուր Ռա­սի­զա­տէի կող­մէ եւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ իր պաշտօնակ­ցին՝ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։
Հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2016