ՔԱՐԱՍԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար, պետական քարտուղար Կրիկորի Քարասին վերջին օրերուն այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան զանազան մակարդակներու վրայ երկկողմանի շփումներուն հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խնդիրները։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Կրիկորի Քարասին եւ Էլմար Մամէտեարով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ զրոյցի տեւողութեան մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուած է այս նիւթին նկատմամբ։
Բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան նաեւ Կասպեան տարածքաշրջանէն ներս միջազգային համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերու մշակման շուրջ խնդիրներ։ Բացի տարածքաշրջանային զարգացումներու առընչութեամբ կարծիքի փոխանակումներէն, օրակարգի վրայ եկան հարեւան երկիրներու հետ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի համագործակցութեան հեռանկարները։
Կրիկորի Քարասին Պաքուի մէջ ամփոփ ձեւով փոխանցած է նաեւ մօտաւոր անցեալին դէպի Թեհրան կատարած այցելութեան արդիւնքները։
Հարկ է նշել, որ Կասպեան հնգեակի երկիրներուն՝ Ռուսաստանի, Իրանի, Ղազախիստանի, Թիւրքմենիստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը ծրագրեն հանդիպում մը ունենալ յառաջիկայ ամրան։