ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
«Վարիշ» թատերախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ «Քաչ քաչամաք» խորագրեալ խաղի առաջին ներկայացմամբ։ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Իսթանպուլի քաղաքապետութեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Սիւհա Ույկուր, մեր թատերական աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր եւ գեղարուեստասէրներ։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Խաղը ներկայացուեցաւ Գրիգոր Տինչքայըքճըի բեմադրութեամբ։ Գործը Անահիտ Վարիշի արտադրութիւնն է։ Դերակատարներն էին՝ Սելին Վարիշ, Յովսէփ Գարակէօզեան, Ալէն Աքմերճան, Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քալայճը, Պուքէթ Էրտէմ, Արտաշէս Քարթուն եւ Րաֆֆի Քալայճը։
Թեքնիկ պատասխանատուութիւնները ստանձնած էին՝ Քոզէթ Գարակէօզեան, Մուրատ Ճաւաք, Սելին Վարիշ, Այգ Տինչքայըքճը եւ Սէրլի Աքմերճան։
Զաւեշտի ներկայացման աւարտին ներկայ թատերասէրները ջերմ ծափերով ողջունեցին դերակատարները։ Այս հանգրուանին շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկան Սելին Վարիշ, Գրիգոր Տինչքայըքճը եւ Անահիտ Վարիշ։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաները ջերմօրէն շրջապատեցին թատերախումբի անդամները՝ արտայայտելով անոնց նկատմամբ իրենց համակրանքը եւ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։