Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Մեծ պա­հոց շրջա­նին Ա­րե­ւա­գա­լի հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խա­գա­հեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւա­գա­լի հո­գե­զմայլ ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը։ Ներ­կայ էին Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան եւ Տ. ­Գէորգ Ա. Քհնյ. ­Չը­նա­րեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րեց Սե­ւան Ա­րա­պօղ­լու։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ խա­չա­հան­գիս­տով։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան մը։ Տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ սար­քուած պահ­քի սե­ղա­նը օրհ­նեց Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը։ Ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ո­րոնք Մեծ պա­հոց նուի­րա­կան շրջա­նին բնո­րոշ մթնո­լոր­տի մը մէջ ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջե­ւ։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016